İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԳՓ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄՈՒՐԱՏ ՔՈՒՐՈՒՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան ԱԳՓ Կուսակցութեան թեկնածու Մուրատ Քուրում, 9 Փետրուար 2024, Ուրբաթ առաւօտ այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ: Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Ստանպուլի երեսփոխաններէն Տքթ. Սեւան Սըվաճըօղլու։

Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց Մուրատ Քուրումին: Ապա զրոյցի ընթացքին համայնքի զանազան ակնկալութիւնները յանձնեց անոր ուշադրութեան։

Հանդիպումը շարունակուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ, ուր ներկայ էին համայնքային հաստատութեանց ներկայացուցիչներ։

Խօսեցան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան թեկնածու Ալի Թալիպ Էօզտէմիր։

Մայր Քաղաքապետի թեկնածուն շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն, ընդգծեց փոքրամասնութիւններու կարեւորութիւնը: Յիշեցուց իր պատկանած կուսակցութեան փոքրամասնութեանց իրաւունքներու մասին տարած աշխատանքները եւ ըսաւ, որ անոնք նոյն գիծով պիտի շարունակուին։ Առաջնահերթ նկատեց համայնքային վարժարաններու շէնքերու ամրացման հարցը եւ այլ խնդիրներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քաղաքիս մասին եւ ըսաւ որ մօտ 20 միլիոն բնակիչներով, աշխարհագրական իւրայատուկ դիրքով ու ճարտարապետութեամբ, աշխարհի գեղեցկագոյն քաղաքներէն մէկն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Ստանպուլը մեր ճակատագիրն է, հետեւաբար քաղաքապետական ընտրութիւնները ինչպէս բոլոր Ստանպուլցիներուն, այնպէս ալ կարեւոր են նաեւ մեր համայնքի համար»: Մեր Հոգեւոր Պետը յարգանքով խոնարհելով նախորդ քաղաքապետներու ծառայութիւններուն առջեւ, յոյս յայտնեց ու մաղթեց, որ ընտրուելու պարագային ինք եւս շարունակէ աշխատիլ նոյն սկզբունքով, ի ծառայութիւն Ստանպուլ մեծ քաղաքին, փրկել զայն, անոր վերադարձնելով իր գեղեցկութիւնները։

Ի յիշատակ այս այցելութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ քաղաքապետի թեկնածուին յանձնուեցաւ արքունի ճարտարապետներ Պալեան ընտանիքի մասին լոյս տեսած հատորը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın