İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ Ա-ԳԷ-ՓԷՑԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄՈՒՐԱՏ ՔՈՒՐՈՒՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Իսթանպուլ, Իզմիր եւ Անգարա։ Այս երեք քաղաքները առանցքային նշանակութիւն ունին իշխող քաղաքական կուսակցութեան համար, որովհետեւ բանալի դեր կը խաղան նաեւ Խորհրդարանական եւ Նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքին մէջ։ 2000էն ի վեր Իսթանպուլն ու Անգարան կը ղեկավարուէին Ա-Գէ-Փէցի Մայր քաղաքապետներուն կողմէ մինչեւ վերջին ընտրութիւնները, երբ տեղական իշխանութիւնը անցաւ Ճէ-Հէ-Փէին։

Հիմա դարձեալ ընտրութիւններ են եւ երկու քաղաքին մէջ հիմնական պայքարը Ա-Գէ-Փէ եւ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւններու թեկնածուներու միջեւ կþընթանայ։

Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետի թեկնածու, Շրջակայ միջավայրի, Բնապահպանութեան եւ Քաղաքաշինութեան նախկին Նախարար Մուրատ Քուրում, ընկերակցութեամբ Ա-Գէ-Փէցի կարգ մը քաղաքապետներու եւ քաղաքապետութեան թեկնածուներու, երէկ այցելեց Գումգաբու։ Համայնքային մարմինները մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էին այս հրապարակային հանդիպման։ Ներկայ էր նաեւ Ա-Գէ-Փէէն Իսթանպուլի երեսփոխան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Տեղական հեռատեսիլային կայաններէն բացի, հայկական »Լոյս Թի-Վի«ի անձնակազմը նոյնպէս հոն էր եւ ուղղակի սփռումով կը հաղորդէր եղածները։

Ընդունելութիւնը սարքուեցաւ երկու հանգրուանով։ Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ դիմաւորուելէ ետք Մուրատ Քուրում եւ ընկերակիցները նախ Պատրիարք Հօր եւ Արամ Սրբազանի հետ միասին մէկտեղուեցան Պատրիարքարանի մէջ։ Այս հանդիպումը աւելի նեղ ձեւաչափով էր։ Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնը հայ համայնքի երկու գլխաւոր ակնկալութիւնները պարզեց քաղաքապետի թեկնածուին։

Որո՞նք էին այդ հարցերը։ Առաջինը հայկական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու աշխատավարձքի խնդիրը, որովհետեւ երկրի տնտեսական պայմանները դժուարութիւններ ստեղծած են Թաղային Խորհուրդներու եւ բնականաբար անոնց ճամբով՝ ուսուցիչներու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց որ Լոզանի պայմանագրով կայ կէտ մը, ուր կþըսուի որ պետութիւնը պէտք է օժանդակէ, եթէ այդպիսի կարիք կայ եւ օգնութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի։

Երկրորդ կէտը կը վերաբերէր մեր վարժարաններու շէնքերու տոկունութեան՝ երկրաշարժներու դիմաց։ Այս հարցն ալ նիւթական ծանր բեռ մըն է այն վարչայիններու ուսերուն վրայ, որոնք վարժարան ունին իրենց ենթակայութեան ներքեւ։

Հանդիպումը շարունակուեցաւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։ Տրուած ըլլալով որ Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետի կամ հայաշատ թաղերու քաղաքապետներու ընտրութեան արդիւնքներէն կախուած է համայնքային հաստատութիւններու ամենատարբեր հարցերու լուծումը, հրապակային այս ասուլիսին ներկայ էին մեր գրեթէ բոլոր հաստատութիւններէն՝ վարիչներ եւ ներկայացուցիչներ։

Այստեղ հանդիպումը վարեց Պր. Շահնուր Գազանճը։ Կարգաւ խօսեցան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Ֆաթիհի Ա-Գէ-Փէցի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան թեկնածու Ալի Թալիպ Էօզտէմիր։ Թուրան շեշտեց որ իրենցմէ ակնկալուած ծառայութիւնները փութով լուծում պիտի գտնեն, իսկ Էօզտէմիր յիշեցուց որ բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին հետ։

Մայր Քաղաքապետի թեկնածուն խօսքերուն սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն եւ ընդգծելով որ փոքրամասնութիւնները իրենց աւանդը ունին քաղաքի եզակի արժէքներուն մէջ, հաստատեց որ իրենք տարբերութիւնները կը տեսնեն որպէս հարստութիւն։ »Նախաընտրական խոստումները, որոնք այսօր կը հնչեն սրահին մէջ, անպայման ամենակարճ ժամանակի մէջ պիտի իրականանան, որովհետեւ իր կուսակցութիւնը միշտ ալ մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է երկրի ոչ-մահմետական հաւաքականութիւններու խնդիրներուն«, ըսաւ Քուրում։ Քաղաքական գործիչը շեշտեց նաեւ որ տարիներ շարունակ բազմաթիւ խնդիրներ կը մնային փոշոտ դարակներուն մէջ, բայց 2002ին, երբ Ա-Գէ-Փէ ստանձնեց երկիրը ղեկավարելու պարտականութիւնը, վճռական գտնուեցաւ նաեւ եղբայրութիւնը ամրացնելու նպատակին մէջ։ Միշտ ալ աջակցեցինք փոքրամասնութիւններուն եւ լուծումներ փնտռեցինք հարցերուն, ըսաւ Մուրատ Քուրում, յիշատակելով իրենց հանգուցեալ երեսփոխաններէն Մարգար Եսայեանի յիշատակը։ Յիշեցուց որ Ա-Գէ-Փէի կողմէ հսկայական բարեփոխումներ կատարուած էին եւ ատկէ շահած էին փոքրամասնութիւնները։ »Այսօր ալ լսեցինք ձեր պահանջները, գրառումներ կատարեցինք, մեզի հարցումներ ուղղուեցան դպրոցներու շէնքերը ամրացնելու մասին, ընտրուելու պարագային առաջնահերթ պիտի նկատեմ քաղաքի հիմնախնդիրները եւ աշխատանքը պիտի կեդրոնացնեմ անոնց լուծման ի նպաստ։ 1 Ապրիլի առաւօտէն սկսեալ գործել պիտի սկսինք ու պիտի շարունակենք եղբայրաբար աշխատիլ ի շահ այս քաղաքին«, եզրակացուց Մուրատ Քուրում։

Իր կարգին Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը հիացումով խօսեցաւ Իսթանպուլի մասին, ըսաւ որ 20 միլիոն բնակչութեամբ, աշխարհագրական դիրքով ու հիասքանչ ճարտարապետութեամբ, ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է, եթէ ոչ ամենագեղեցիկը։ »Իսթանպուլը մեր ճակատագիրն է, հետեւաբար քաղաքապետական ընտրութիւնները կարեւոր են մեր համայնքի համար«, դիտել տուաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, ըսելով որ ինք այստեղ ո՛չ թէ պահանջներ ներկայացնել կը փափաքի, այլ կը մաղթէ պետականաշինութիւնը յաղթական ելլէ։ »Ես յարգանքով կը խոնարհիմ Իսթանպուլի նախկին բոլոր քաղաքապետներու ծառայութիւններուն առջեւ։ Բոլորն ալ աշխատեցան այս քաղաքի բարեկարգութեան համար։ Եթէ ընտրուիք, ակնկալութիւն մը ունիմ ձեզմէ։ Այս »գիրութենէ« փրկեցէք Իսթանպուլը, անոր վերադարձնելով իր բոլոր գեղեցկութիւնները«, շեշտեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

Ի յիշատակ այս այցելութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ քաղաքապետի թեկնածուին յանձնուեցաւ արքունի ճարտարապետներ Պալեան ընտանիքի մասին կոթողային հատորը։

Խմբանկարէն ետք, Մայր Քաղաքապետի թեկնածուն դուրսը յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ »Լոյս Թի-Վի«ի համար։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/100224lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın