İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Փետրուար 2024, Երեքշաբթի, ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներու այցը։

Այցելուները յայտնեցին, որ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնել Մեծ Պահքի օրերու աւանդական դարձած Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը եւ մեր Հոգեւոր Պետին օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը ստանալու:

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, ըսաւ թէ այս տարուան ուխտագնացութեան թուականն է 8 Մարտը, որու համար խոստացաւ անհրաժեշտ հրահանգները տալ: Մեր Հոգեւոր Պետը հայրական թելադրութիւններ ըրաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın