İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԱԽՏԻՔ՝ ՍՕՆԱ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2024, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ գլխաւորեց Պատրիարքարանի անձնակազմի հաւաքին:

Աթոռոյս բազմամեայ ծառայող, Խորհրդակատարութեան գրասենեակի քարտուղար Սօնա Կիւզէլեան, աւելի քան երեսուն տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ:

Նորին Ամենապատուութիւնը հաւաքի ընթացքին բարձր գնահատեց Սօնա Կիւզէլեանի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ ըսաւ, որ ան հանդերձ ընտանեօք մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ են: Երեսուն երկու տարիներ Կիւզէլեան, առանց արձակուրդի եւ խիստ կանոնաւորութեամբ ծառայեց այս Աթոռին, արժանանալով Գարեգին, Մեսրոպ եւ Սահակ պատրիարքներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի գնահատանքին:

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ այսօր ան կը թողու իր պաշտօնը, սակայն կը մնայ Պատրիարքական Աթոռոյ պաշտօնէութեան ընտանիքին հարազատ անդամը եւ պատրաստ է գործակցելու ամէն անգամ երբ անհրաժեշտ կ’ըլլայ իր ներկայութիւնը կամ աշխատակցութիւնը:

Պատրիարք Հայրը այս առթիւ Սօնա Կիւզէլեանին նուիրեց գեղեցիկ խաչ մը եւ արեւշատութիւն մաղթեց կեանքին յառաջիկայ օրերուն:

Սօնա Կիւզէլեան շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ թէ աւելի քան երեք տասնեակ տարիներու ընթացքին իր տունը նկատած է Պատրիարքարանը եւ ծառայած՝ ուրախութեամբ, իսկ հիմա հրաժեշտ կ’առնէ ներքին գոհունակութեամբ եւ աղօթելով Աթոռոյ հաստատութեան ու անսասանութեան համար:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın