Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Սուրբ Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան նախագահեց Քրիստոնէից միութեան համար աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս կազմակերպուած այս էքիւմենիք արարողութեան։ Քրիստոնէական հաւատքի հասարակաց յայտարարին վրայ զանազանութեան եւ միութեան տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ այս աղօթքը, որուն մասնակցեցան Նիւ Եորքի բազմաթիւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Հարկ է նշել, որ Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ այսպիսի աղօթք մը, որ զուգադիպեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայէն ներս գործունէութեան 125-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հանդիսապետած արարողութեան ընթացքին քարոզեց Սերպ Ուղղափառ եկեղեցիէն Իրինէյ Եպիսկոպոսը։ Ներկայ էին նաեւ Նիւ Եորքի պապական նուիրակ Կարտինալ Թիմոթի Տոլան, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիէն Մետրապոլիտ Տիմիթրիոս, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիէն Ճոն Քաուաք Արքեպիսկոպոսը, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիէն Տէյվիտ Եպիսկոպոսը, Լուտերական եկեղեցիէն Էկէնշթայնըր Եպիսկոպոսը եւ այլ հոգեւոր առաջնորդներ։
Արարողութիւններէն վերջ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց իր հոգեւոր եղբայրները։
http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/31-01-2024-միջեկեղեցական-արարողութիւն
İlk yorum yapan siz olun