İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երէկ գիշէր՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի մէջ անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ «Համաշխարհայնացումը Եւ Հայ Երիտասարդը» (The Globalization and the Armenian Youth) նիւթին շուրջ:

Բացման խօսքը կատարեց Ռոզալին Թաշճեան: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկած նիւթը այժմէական է, որովհետեւ ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր իրականութիւններով ու տագնապներով կը ներկայանայ հայ երիտասարդին: Հետեւաբար, ի՞նչ վերաբերում պէտք է ունենայ հայ երիտասարդը զինք շրջապատող պայմաններուն ու խնդիրներուն նկատմամբ:

Վեհափառ Հայրապետը իր դասախօսութիւնը սկսաւ՝ հաստատելով, թէ վերջին տասնամեակներուն մարդկային պատմութեան մեծագոյն յեղափոխութիւնը համաշխարհայնացումն է: Ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումը նոր երեւոյթ չէ, սակայն գիտութեան ու ճարտարագիտութեան աննախընթաց զարգացումը, յատկապէս տեղեկատուական-հաղորդակցական մարզին մէջ, նոր թափ ու ընթացք տուաւ համաշխարհայնացումին: Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը 15 կէտերով ներկայացուց համաշխարհայնացումի յատկանշական երեսները, ինչպէս նաեւ անոր դրական ու բացասական երեւոյթներն ու հետեւանքները: Հայրապետը ըսաւ, որ համաշխարհայնացումը սոսկ տնտեսական մարզէն ներս յայտնուած երեւոյթ մը չէ. ան էապէս մշակոյթ է, որ կը ներառէ ընկերութեան բոլոր մարզերը եւ ունի իր արժեհամակարգը: Համաշխարհայնացումը հեռաւորները մօտեցուցած է ու միաժամանակ մօտաւորները՝ հեռացուցած, իր տեղեկատուութեամբ ու փոխ յարաբերութեամբ տիրապետուած մշակոյթով: Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ համաշխարհայնացման ստեղծած գերերկրաւոր Cyber աշխարհին, որուն մաս կը կազմենք բոլորս, պարտադրաբար: Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց այն բոլոր երեւոյթները, որոնք դրական են, բայց միաժամանակ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ յատկապէս մարդու ինքնահասկացողութեան ու ինքնութեան եւ բարոյական արժէքներու գծով:

Իր խօսքին երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Կաթողիկոսը խօսեցաւ համաշխարհայնացումին նկատմամբ երիտասարդութեան մօտեցման մասին: Ան ըսաւ, որ ո՛չ կրնանք համաշխարհայնացումը անտեսել եւ ո՛չ ալ փոխել: Անոր ներկայութիւնը տիրական է մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ: Սակայն, մեր վերաբերումը պէտք է ըլլայ քննական: Ճիշդ չէ համաշխարհայնացումին ներկայացուցած բոլոր երեւոյթները դիւրին ու անմիջական կերպով որդեգրել: Անհրաժեշտ է, որ հայ երիտասարդը հայ արժէքներով շաղախուած արժեչափերով մօտենայ համաշխարհայնացումին՝ ընտրելով այն, ինչ որ դրական է հայու ինքնութեան տեսանկիւնէն դիտուած: Այս հարցին մասին խօսելով՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց շարք մը օրինակներ մեր գաղութներու կեանքէն առնուած:

Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք երիտասարդները արծարծեցին շարք մը մտահոգութիւններ ու հարցեր: Նորին Սրբութիւնը անոնց տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ՝ յիշեցնելով, որ աւագ սերունդը համաշխարհայնացած ժամանակներուն մէջ ապրող երիտասարդներուն հետ պէտք է երկխօսութիւն ունենայ ու լսէ անոնց մտահոգութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար որոնել այն ուղիներն ու միջոցները, որոնցմով կարելի դառնայ մեր երիտասարդութեան կեանքին մէջ հայու ինքնահասկացողութիւնը պահել ամուր եւ առողջ:

Աղբիւր։ Cilicia TV https://www.facebook.com/CiliciaTv

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın