İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, կէսօրէ ետք Խմբագրատանս երդիքին տակ հաճոյքով ընդունեցինք Մխիթարեան Հայրեր՝ Գերյ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնն ու Գերյ. Յակովսբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանը։ Քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր այս մէկը։ Երկու Ծայրագոյն Վարդապետները եկած էին շնորհաւորելու Մխիթարեանցի սան՝ մեր խմբագրապետի ծննդեան տարեդարձը եւ իրենց բարեմաղթանքները փոխանցելու խմբագրակազմին։

Մեր հիւրերը որպէս նուէր մեզի յանձնեցին «Մեսոպ Մաշտոց մատենաշար»ով հրատարակուած 5րդ գիրքը, որ Մեսրոպ Հայունիի կոթողային աշխատասիրութիւնն է, լոյս տեսած՝ 2014ին, «Այնճարի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» հայ կաթողիկէ համայնքին պատմագրութեան համար» խորագրի ներքեւ։ 

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վարդապետներուն, որոնք հետեւեալ ձօնը ուղղած էին մեր Խմբագրապետին.-

ՁՕՆ
Մեր Պատուական Սան
Ռոպէր Հատտէճեանին,
Անսակարկ նուիրումովդ եւ գրական արգասաբեր ստեղծագործութիւններովդ մեզ հաղորդակից դարձուցիր Հայ Գրին ու գրականութեան, հաւատարիմ մնալով հետեւեալ կարգախօսին՝
«Ինչ որ կը տրուի, օր մը կը փըթթի,
Ինչ որ կը պահուի, օր մը կը փըտտի»
Հաճէ ընդունիլ մեր աղօթախառն բարեմաղթանքը արգաւանդ 98 տարիներուդ, առողջութիւն, կենսունակութիւն անխոնջ մշակիդ։
Իսթանպուլ, 28 Յունուար 2024
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐ
Հ. ՅԱԿՈՎԲՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՉՕՓՈՒՐԵԱՆ
ՄԱԳ. Հ. ՍԱՐԳԻՍ Ծ. ՎՐԴ. ԷՐՄԷՆ

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/300124lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın