İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

20-ՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկուշաբթի, 22 Յունուար–Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-րդ ժողովը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս հանդիպումին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։

Ժողովին օրակարգը Մարեմաբանութիւնն էր, որուն շուրջ դասախօսութիւններ տրուեցան եւ քննարկումներ կատարուեցան։

Շաբաթ–Կիրակի, 20–21 Յունուար, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքի անդամներ առանձին նիստեր ունեցան եւ իրենց ընտանիքը շահագրգռող միջ-եկեղեցական հարցեր քննարկեցին։ Այս ծիրին մէջ, Նարեկ Սրբազան ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան գլխաւոր երեսները եւ Անուշաւան Սրբազան Դեկտեմբեր 2023-ին Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական հանդիպումները։

Երեքշաբթի, 23 Յունուար, ակադեմական յատուկ հանդիսութեամբ, նշուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-ամեակը։

Հինգշաբթի, 25 Յունուար, «Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ»-ի աւարտին, Հռոմի Ս. Պօղոս Տաճարին մէջ, ժողովականներ աղօթակից դարձան Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին։

Ուրբաթ, 26 Յունուար, Առաքելական Պալատին մէջ, ժողովականներ ընդունուեցան Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կողմէ, որ իր ուրախութինը յայտնեց աստուածաբանական երկխօսութեան հանգրուանային յաջողութեան համար եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքի Հոգեւոր Պետերուն իր եղբայրական ողջոյնները յղեց։

Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան անդամները որոշեցին յաջորդ տարի վերաքննել 2004-էն ի վեր իրենց կատարած աշխատանքը եւ ապագայ երկխօսութիւնը շարունակել նոր մեթոտաբանութեամբ։

Աստուածաբանական երկխօսութեան աւարտին, Նարեկ Սրբազան հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքին հետ եւ պատասխանեց աստուածաբանական երկխօսութեան, «2024 – Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի Հայրապետական Հռչակագիր»-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Աղբիւր։ Cilicia TV https://www.facebook.com/CiliciaTv 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın