İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՓԱԿՈՒՄԸ ՁՕՆՈՒԵՑԱՒ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 27 Յունուար 2024, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, քահանայից դասու անդամներ, Պատրիարքական Աթոռոյ ժառանգաւոր սաներ ու Ս. Վարդանանց Եկեղեցիէն սպասաւորներ։

Արարողութեան իրենց հետեւորդներով մասնակցեցան Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Ս. Եպիսկոպոսը, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի նախկին Առաջնորդ՝ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Արքեպիսկոպոսը, Յունաց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Տ. Հարալամպի Նիչեւ Վարդապետը եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ, Գերման Բողոքական Եկեղեցւոյ, Տաչ Չափըլի եւ Թուրքիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան ներկայացուցիչները։

Եկեղեցականաց թափորը ժամը 18.00-ին, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Վարդանանց Եկեղեցին։ Այստեղ տեղի ունեցաւ Խաղաղական ժամերգութեան շարականներով պաշտամունք։ Արարողութեան երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ քահանայ հայրերու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ս. Գրային Ընթերցումները կատարուեցան Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու կողմէ։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին ձօնուած այս արարողութիւնը, իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ, երբ Ս. Հայրապետի գրի առած «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի 24 տուները արտասանուեցան քոյր եկեղեցիներու կողմէ տարբեր լեզուներով։ Ս. Հայրապետի աղօքները լսելի դարձան Հայերէն, Յունարէն, Ռուսերէն, Լատիներէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Սպաներէն, Արապերէն, Թրքերէն եւ Ասորերէն լեզուներով։

Արարողութեան աւարտին քարոզեց Պատրիարք Հայրը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, որ քոյր եկեղեցիներ համախմբուելով հասած էին աղօթքի շաբթուան աւարտին։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ այս գեղեցիկ աւանդութիւնը տարիներ շարունակ առիթ ընծայած է որ շեշտադրուի ի Քրիստոս սիրոյ եւ միաբանութեան կարեւորութիւնը։ Փակման արարողութիւնը հանդիսաւորապէս տեղի կ՚ունենար Հայ Եկեղեցւոյ մէջ եւ այս արարողութիւնը նաեւ ունէր յատկանշական երեւոյթ, ըստ որում Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն հայրապետներէն Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակը եւս կը նշուէր։ Այս սուրբը թէեւ Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունէր սակայն իր գործունէութեան մէջ տակաւին հարիւրաւոր տարիներ առաջ տեղ գտած էր Միջեկեղեցական բարւոք յարաբերութեան հասկացողութիւնը։ Ինք եղած էր շնորհալի անձնաւորութիւն եւ գրի առած էր շարականներ, աղօթքներ եւ այսօր իր աղօթքներուն քոյր եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներու կողմէ ընթերցումը պատմական նշանակութիւն ունէր։ Ս. Ներսէս Շնորհալի բացի եկեղեցւոյ առաջնորդ ըլլալէ ունէր վարչական, քաղաքական եւ միջեկեղեցական հեղինակութիւն եւ այս միոյն փաստն էր կայսեր եւ պատրիարքներու ուղղեալ գրի առած նամակները եւ անոնց միջոցաւ տեսակէտներու ներկայացումը։ Հետեւաբար, այսօրուան արարողութեան մէջ կը յայտնուէր այն հոգին, որուն հիմքերը դրուած էին աւելի քան 850 տարիներ առաջ։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց, թէ՝ եկեղեցիներ կրնան մշակութային եւ կամ վարդապետական տարբերութիւններ ունենալ, բան մը որ իրականութիւն է, բայց եկեղեցին իր նշանակութեամբ ունի միակ հասարակաց գետին մը, որ է Քրիստոնէական սէրը առ Աստուած եւ առ եղբարց։ Այս ոգին նաեւ զօրութիւն ունէր ազդելու մեր ներքին եկեղեցական կեանքին, որուն մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը առաւել եւս զգալի կը դառնար։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ ներկայ աշխարհի խաւար ամպերու մօտ այս միաբանական յարաբերութեան լոյսը տարածուի եւ ամենուրէք զգալի դառնայ Քրիստոնէական հաւատքին սիրոյ զօրութիւնը։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները եւ արարողութիւնը աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով։ Ապա, կազմուած թափորը «Սիոնի» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ թաղային խորհուրդի սենեակը։

Հոգեւոր արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ Շիրինօղլուի Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

*

Բաց աստի Աղօթքի Շաբթուան առթիւ քաղաքիս զանազան եկեղեցիներուն մէջ կատարուած արարողութեանց, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın