Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլիի մարզական ակումբի ֆութսալի խումբը երկու տարի անընդմէջ երկրի բարձրագոյն լիկի ախոյեան հանդիսացաւ, իրաւունք շահելով Թուրքիան ներկայացնելու միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին։
2023-2024ի մրցաշրջանի բացումը կատարուեցաւ Յունուարի 22-23-24 թուականներուն՝ Նէվշէհիրի ու Իւրկիւփի մէջ կայացած խաղերով։ Լիկը, որուն կը մասնակցի 8 խումբ, երկու մրցափուլ պիտի ունենայ։ Մասնակից խումբերը եօթնական մրցումներէ բաղկացեալ ընդամէնը 14 խաղ պիտի ունենան։ Այն խումբը որ լաւագոյն արդիւնքը կ’ապահովէ, ուղղակիօրէն իրաւունք կը շահի մասնակցելու եզրափակիչին, իսկ երկրորդ խումբը կ’որոշուի 2-5րդ տեղը հրաւած խումբրու փլէյ-օֆֆի մրցումներով։ Ախոյեան խումբը Թուրքիան պիտի ներկայացնէ ՈՒԷՖԱի ախոյեաններու լիկին մէջ։
Մարզիչ Ճիհան Էօզտէմիր, որ երկու տարի շարունակ հեքիաթ ապրեցուց շիշլիցներուն, բաժնուած է խումբէն։ Ան Թուրքիոյ ազգային խումբի մարզիչ նշանակուած է։ Այժմ շիշլիցները կը մարզուին Ճէմ Քեսքինի հսկողութեան ներքեւ։
22-24 Յունուարին կայացած մրցումները փաստեցին որ շիշլիցներ լաւ մարզավիճակի մէջ են, իսկ մարզիչը լաւ կատարած է իր պարտականութիւնը։ Առաջին խաղը Սէյրանթէփէի «Իտման Եուրտու» խումբին հետ էր։ Խաղը վերջացաւ կոլերու մեծ տարբերութեամբ ի նպաստ շիշլիցներու՝ 14-2։ Երկրորդ խաղը անցաւ յամառ պայքարի մթնոլորտի մէջ. շիշլիցներ 5-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին։ Գալով երրորդ մրցումին՝ որ Տիյարպաքըրի «Առողջապահութաեն մարզական ակումբ»ի խումբին հետ էր, այս խաղը աւարտին հասաւ շիշլիցներու յաղթանակով՝ 13-3։
Ֆութսալի ճիւղի պատասխանատու Արեգ Տոլար խաղերէն ետք յայտարարեց որ լիկի որակը այս տարի բաւական բարձր է եւ ուժեղ կազմեր կը մրցին։ Առաջին մրցափուլէն ետք Շիշլիցներ երկրորդ դիրքի վրայ են։
İlk yorum yapan siz olun