İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐՈՒԵՍՏ, ՎԱՍՏԱԿ, ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները այս շաբաթավերջին ժամադրուած են եզակի ձեռնարկի մը։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ ու տիրական դէմքերէն Ճուլիա Մութլու կը նշէ իր գործունէութեան 50-ամեակը եւ այս յոբելեանը բոլորին կողմէ կը համարուի բացառիկ իրադարձութիւն մը։ Ճուլիա Մութլու եւ պարախումբը այս փուլին գեղարուեստասէրներուն պիտի ներկայանան բացառիկ առիթով ու թարմ եռանդով։

Յոբելենական հանդիսութեան նախօրէին հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ճուլիա Մութլուն, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքի նոյնպէս շատ սիրելի արուեստագիտուհիներէն Ժանին Փափազեան։ Ճուլիա Մութլու գեղարուեստական գործունէութեան հինգ տասնամեակի ճանապարհին մեծամասնութիւնը՝ բոլորած է Ժանին Փափազեանին հետ։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին ան մեզի բացատրեց, որ 1980-ին հոգելոյս Պենոն Քուզուպաշի հետ, «Մարալ» համոյթի ստեղծման շրջանէն ի վեր այս աշխատանքին ներգրաւուած է, իսկ ներկայիս՝ հանգիստ խղճով յետահայեացք մը կը նետէ։ Ան նման ճանապարհ մը որդեգրած ըլլալու համար երբեք չէ զղջած՝ հակառակ առկայ բոլոր դժուարութիւններուն, որովհետեւ հայ մշակոյթին ծառայած ըլլալու հանգամանքը միշտ բաւարարած է զինքը։

Տասնամեակներ տեւած փորձերէ եւ այլ բազմաբնոյթ աշխատանքներէ վերջ Ճուլիա Մութլու այսօր պատուանդանի վրայ է եւ շաբաթավերջի ձեռնարկը մեր համայնքին տեսակէտէ իրեն նկատմամբ երախտագիտութիւն արտայայտելու լաւագոյն միջոցը կը համարուի։ 43 հոգիէ բաղկացեալ պարախումբ մը հանդէս պիտի գայ Ճուլիա Մութլուի մականին ներքեւ։ Թէ՛ հայկական ազգագրական տարազներով տողանցքը, թէ՛ հայկական աւանդական հարսանիքէն բաժինները եւ թէ այլ պարեր մաս պիտի կազմեն յայտագրին։ Յոբելենական ձեռնարկին պատրաստութիւնները կանոնաւոր փորձերով կատարուած են Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ։ Ճուլիա Մութլու թէեւ հովանաւոր մը չէ ունեցած, սակայն ամենայն բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ յառաջ տարուած են ձեռնարկի պատրաստութիւնները։ Հասոյթն ալ պիտի տրամադրուի Կեդրոնական վարժարանին եւ Գալֆաեան տան։

Մեր զրոյցին ընթացքին ան նշեց, որ իր եւ Ժանին Փափազեանի ջանքերով պատրաստուած 130 բեմական տարազները երկար տարիներէ ի վեր պահպանելն ալ դարձած է մեծ հարց մը ու պահանջած մեծ ջանքեր՝ քանի իրենք չունին մշտական վայր մը կամ շտեմարան մը։

Ճուլիա Մութլու, որ իր վայելած համբաւն ու համակրանքը ամբողջութեամբ մարսած արուեստագիտուհի մըն է, իր առաքելութեան ու կոչումին յարիր պատասխանատուութեան բարձր զգացումով վերաբերմունք ցոյց կու տայ բոլոր ծրագիրներուն նկատմամբ՝ գիտնալով, որ միայն պոլսահայութիւնով սահմանափակուած չէ իր գործին արժեւորումը։ Ան կը ցաւի, որ համավարակը արգելք հանդիսացած էր իր խումբին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան։

Ճուլիա Մութլուի եւ Ժանին Փափազեանի հետ հաճելի զրոյցի աւարտին անկարելի է չհամոզուիլ, թէ պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքը շատ բան կը պարտի անոնց եւ այդ պարտքը հատուցելու լաւագոյն առիթներէն մին է շաբաթավերջի յոբելենական ձեռնարկը։

Միւս կողմէ, Ճուլիա Մութլու յոբելենական երեկոյթին ընդառաջ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Պատրիարքարան։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/25-01-2024-արուեստ-վաստակ-յոբելեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın