İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան հովուական այցելութիւն տուաւ Անգարայի մեր ժողովուրդին։ Տէր Հօր կ’ընկերանային Բրկ. Սարվէն Ուր. Դպ. Թուղլա եւ Բրկ. Պարգեւ Ուր. Դպ. Օհանեան։

Տէր Հայրը 20 Յունուար 2024, Շաբաթ, ցամաքի ճամբով հասաւ Անգարա։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի ֆրանսական դեսպանատան Սրբուհի Թէրէզա մատրան մէջ կատարուեցաւ կանոնական պաշտամունք եւ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։

Արարողութեան ներկայ եղաւ մատրան հովիւ Հոգշ. Հ. Ալեքսիս Վրդ.։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, նախ քան Տէրունական Աղօթքը, պատարագիչ Տէր Հայրը ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները։ Ապա քարոզին մէջ անդրադարձաւ նեղութիւններու եւ փորձութիւններու, որոնք կրնանք ըլլալ աշխարհիկ նաեւ հոգեւոր։ Նման պարագաներու ներքեւ հաւատացեալը պէտք չէ յուսահատի եւ ընկրկի, այլ միշտ ի մտի պէտք է ունենայ, որ Աստուած մեզ հետ է։

Յաւարտ արարողութեան, մատրան գետնայարկի սրահին մէջ սարքուեցաւ թէյասեղան, ուր Տէր Հայրը առիթ ունեցաւ զրուցելու տեղւոյն մեր համայնքի անդամներուն եւ այլ քրիստոնեայ հաւատացեալներու հետ։ Անգարայի մերազն ժողովուրդի անդամներ Տէր Հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սոյն այցելութեան համար։ Փափաք յայտնեցին, որ շարունակուին նման հովուական այցելութիւններ ի շինութիւն մայրաքաղաքի մերազն ժողովուրդին։

Տէր Հայրը եւ ընկերակիցները նոյն գիշեր ցամաքի ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın