İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած՝ նախընթաց օրուան հաշուետուական հաւաքոյթը շատ կարեւոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այս ձեռնարկը, ըստ էութեան, յատկանշական բանալիներ մատուցեց այն սահմանումներուն մասին, որոնք վարչակազմակերպչական գետնի վրայ աստիճանաբար պիտի ընդհանրանան ապագային։

Շուրջ տարի մը առաջ, այս սիւնակին մէջ գրած էինք, որ Պէյօղլուի խնդիրները ունէին տասնամեակներու վաղեմութիւն։ Այս թաղի պարագային ստեղծուած վատառողջ նախընթացները համայնքէն ներս խորացուցած էին հաստատութիւնները համայնքային-ժողովրդական հակակշռին փակելու երեւոյթը, ինչ որ ի վերջոյ պատճառ դարձաւ այն ընտրական տագնապին, որ շուրջ տասը տարի գրաւի տակ պահեց թրքահայ կեանքը՝ միջոցներու եւ մարդուժի աննկարագրելի մսխումով հանդերձ։

Ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ իր գործակից ընկերները այսօր շատ ուշադիր պէտք է վարուին այս նիւթերուն շուրջ՝ իրենց ապագայ գործունէութիւնը հունաւորելու ժամանակ։ Սա շատ կենսական է՝ մանաւանդ թաղային խորհուրդի գործունէութեան առաջին եօթ ամիսներու յաջողութեան տրամաբանական շարունակութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Հաշուետուական հաւաքոյթին ներկայացուած պատկերը իսկապէս փայլուն էր եւ հասկնալի է, որ համայնքային շրջանակները բարձր գնահատանք կ՚արտայայտեն, ինչ որ միանգամայն արդար է։ Ծափահարութիւններու մթնոլորտը, սակայն, միշտ խաբուսիկ է ու կ՚ենթադրէ ռիսքեր։

Ուշագրաւ է, որ համայնքէն ներս կարգ մը շրջանակներ այսօր շատ ոգեւորուած են, որ Պէյօղլուն անցեալի կամ երբեմնի փառքի օրերուն վերադառնալու ճամբուն վրայ է։ Ահա՛, այս կէտին վրայ թաղային խորհուրդը պէտք է ըլլայ շատ զգոյշ։ Սա այն եզրագիծն է, ուր մածունը պէտք է փչելով ուտել՝ առանց տեսքը խանգարելու, հասարակութեան հետ ճի՛շդ ու բաց աշխատելու միջոցաւ։ Բոլոր անոնք, որոնք թրքահայութեան այսօրուան ներուժին քիչ թէ շատ ծանօթ են, արդէն իրատեսութենէ հեռու կը նկատեն այդ՝ Պէյօղլուի անցեալի կամ երբեմնի փառքի օրերուն վերադառնալու թամթամները, չըսելու համար չափազանցութիւն։ Ժամանակները փոխուած են, այսօր կայ նոր իրականութիւն, արժեւորումներն ու հաշուարկները պէտք է կատարուին ըստ այդմ։ Համայնքի դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրները թանկ հաճոյք կը դարձնեն նոսթալժին։ Մնաց որ, Պէյօղլուի անցեալի կամ երբեմնի այդ փառքի օրերու այսօրուան հետամուտներուն մէջ չեն պակսիր այնպիսիներ, որոնք այդ ժամանակուան՝ յաջորդելիք փլուզումին ու քայքայման պատճառ դարձած «հերոս-դերակատարներն» ալ նոյն եռանդով ծափահարած են եւ չեն կրնար ուրանալ իրենց մեղսակցութիւնը։

Հաշուետուութեան հաւաքոյթի լոյսին տակ կարելի է ընել նաեւ երկրորդ անանտեսելի արձանագրում մը։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին անցեալ եօթն ամիսներու գործունէութիւնը կու գայ՝ համայնքային մարմիններու եւ պետական դիւանակալական կառոյցներու յարաբերութեանց որակի փոփոխութեան տեսակէտէ նոր հորիզոններ ուրուագծել։ Պէյօղլուի պարագային համայնքի խղճին մօտ արդարացումէ հեռու մնացած բոլոր հարցերու պարագային՝ տասնամեակներ շարունակ ձեւաւորուած է տխուր նախընթաց մը, որով թաղային խորհուրդի ղեկը ձեռք անցուցած տխուր կերպարներ իրենց կամքը պարտադրելու կամ իրենց քմահաճութիւններէն ծնունդ առած ցասումները զսպելու համար պատրուակած են պետութիւնը։ Այսօր ընթացքը 180 աստիճան շուռ եկած է։ Ատենապետ Թոփալեան եւ ընկերները տրամագծօրէն տարբեր եւ իսկապէս ողջունելի ճանապարհի մը վրայ են։

Համայնքէն ներս տասնամեակներ շարունակ մարդիկ միայն գանգատած, դժգոհած եւ բամբասած են։ Ամուլ եւ ապարդիւն եղած է այդ ամէն ինչը։ Այժմ ահա՛ նոր ոճ մը եւ զգայնութիւն ցուցաբերելու նոր ձեւ մը կայ։ Յետադարձ կորուստներու թղթածրարը բանալու համար թաղային խորհուրդը որոշած է՝ խաղը կանոններուն համապատասխան յառաջ տանիլ եւ զուտ խօսակցական ամբոխավարական ուղեծիրը փոխարինել իրաւականով եւ օրինականով։ Թոփալեան եւ ընկերները դիմած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան, որպէսզի Պէյօղլուի պարագային հակակշռման տեղեկագիր մը պատրաստուի։ Սա պիտի պատրաստէ այն ենթագետինը, որու վրայ աննպատակ խօսակցութիւններու էջը շրջել եւ բուն ճշմարտութիւնը լոյսին բերել կարելի պիտի ըլլայ։ Նոր թաղային խորհուրդին այս արմատական ու վճռակամ ոճը աստիճանաբար կրնայ ապահովել, որ յետին նպատակներով վարչայիններ այլեւս չհամարձակին պետական մարմիններու դերակատարութիւնը օգտագործել՝ սեփական նախասիրութիւնները յառաջ մղելու ճանապարհին երկիւղ տարածելու համար։

Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի եօթն ամսուան փայլուն հաշուետուութիւնը անպայման պէտք է ունենայ այս մեկնարկին յարիր, տրամաբանական շարունակութիւն մը։ Նարեկեան սրահի երեկոյթին փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ դիպուկ բանաձեւումով մը յայտնեց, որ թաղային խորհուրդը կ՚ընթանայ սեփակա՛ն արժեւորումներով, սեփակա՛ն նշաձողերը սահմանելու ուղղութեամբ։ Սա լաւ կարգախօս մըն է թէ՛ առաւելապաշտութեան յորձանուտին մէջ չյայտնուելու եւ թէ յաւակնոտ ձգտումներ ունենալու տեսակէտէ։

Պէյօղլուէն ցոլացած պատկերը այս պահու դրութեամբ կը պարզէ հեռահար նախադրեալներ, որոնք յոյս կը ներշնչեն, թէ համայնքը յուսախաբ պիտի չըլլայ։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/25-11-2023-պէյօղլուի-թաղային-խորհուրդի-հաշուետուութեան-հաւաքոյթը-եւ-երկու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın