Երէկ ուրախութիւնն ու հաճոյքն ունեցանք ընդունելու թերթիս երկարամեայ համակիրներ Տէր եւ Տիկին Դաւիթ-Սօսի Նաճարեաններու այցելութիւնը՝ խմբագրատան երդիքին տակ։
Այցելուները երեք օրուայ կարճատեւ այցելութեամբ մը Պոլիս կը գտնուէին եւ իրենց սահմանափակ ժամանակացոյցով հանդերձ, չէին ուզած քաղաքէն բաժնուիլ, առանց այցելելու Մարմարա-ի Խմբագրատուն։
Տիկին Սօսի Նաճարեան դուստրն է մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի երբեմնի բարեկամ, Յովնանեան ընկերութեան հիմնադիր, ազգային բարերար՝ ողբացեալ Գէորգ Յովնանեանի։ Իսկ փեսան՝ Դաւիթ Նաճարեանը ազգասէր, հայասէր, հայ գրի եւ գրականութեան սիրահար անձնաւորութիւն, իր տիկնոջ հետ միասին ուրախութիւն յայտնեց Մարմարա-ի խմբագրատան մէջ հայ մամուլի հոտը շնչելուն համար։
Մտերմիկ զրոյց մը ունեցանք յարգարժան հիւրերուն հետ։ Յիշեցինք հին օրերը, երբ մայրենի լեզուն, հայ գիրը, հայ թերթն ու գիրքը կարեւոր արժէքներ էին մեր ազգայիններուն համար։
Դաւիթ եւ Սօսի Նաճարեաններն ալ տխրօրէն նկատել տուին որ դժբախտաբար հիմա կ’ապրինք դժուար օրեր եւ կը դժուարանանք ընդունիլ մեր շուրջիններուն այս անտարբերութիւնը՝ հայկականութեան հանդէպ։
Պր. Նաճարեան յայտնեց նաեւ որ ինք կարդացած էր մեր թերթի 83ամեակին առթիւ կոչը՝ պարզելով մեր օրհասական վիճակը եւ ուզած էր իր լուման դնել թերթը փրկելու մեր ջանքին մէջ։
Մենք մեր հիւրերուն խորապէս շնորհակալ ենք իրենց նուիրատուութեան համար եւ մա՛նաւանդ այն բանի համար որ հեռու ափերէն լսած էին եւ փութացած՝ թերթիս նեցուկ կանգնելու համար։
Ա. Հ.
İlk yorum yapan siz olun