İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԻՒՄՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Մայիս 2023, Երկուշաբթի, ընդունեց Յովհաննէս Կիւմշեանի հիմնած Կիւմշեան Հիմնարկի (Վաքըֆ) վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ յայտնեցին նաեւ, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։

Անոնք յետ վաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու։

Անոնք եկած էին նաեւ նախկին շրջանի իրենց գործակից ընկերներուն որպէս երախտիքի նշան, Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ յուշապնակ յանձնելով շնորհակալութիւն յայտնելու։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ, յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın