İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՅԻՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Մայիս 2023, Երկուշաբթի, ընդունեց Էյիւպի թաղային խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ մեր Հոգեւոր Պետին հետ կարծիքի փոխանակումէ ետք, ստացան իր յորդորները։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Թաղական Խորհուրդին, յաջողութիւն մաղթեց իրենց արուարձանային եւ գողտրիկ այս եկեղեցւոյ ի նպաստ գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın