İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Մայիս 2023, Երկուշաբթի, ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, այցելու երէց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ եւ ատենապետ Օննիկ Ֆէնէրճիի գլխաւորութեամբ։

Այցելուները այս այցելութեամբ տեղեկութիւն տուին իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ փայտաշէն եկեղեցւոյ համար կատարուած անհրաժեշտ վերանորոգութեան աշխատութեանց ընթացքին մասին։

Պատրիարք Հայրը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın