İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջ նուիրապետութիւնը այս շրջանին կը հետեւի Հայ Երուսաղէմի իրադարձութիւններուն։ Բոլորը տրամադրուած են ամբողջական զօրակցութեան պատրաստակամութեամբ՝ ի նպաստ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան։ Մինչ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը մտահոգիչ կացութեան մը դէմ յանդիման մնացած է, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կ՚առաջնորդուի համազգային շահերը գերադասելով եւ կը խրախուսէ Սուրբ Երկրի մէջ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան հետամուտ քայլերը։

Երէկ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հետ։ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքին հետեւանքով Սուրբ Աթոռի պարագային ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իրադարձութիւններու շարունակութեան համախումբ եւ նպատակասլաց ընթացք մը ապահովելու տեսակէտէ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան այս կապակցութեամբ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Այսպէս, քննարկման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուցած է, որ քայլեր կ՚առնուին Պատրիարքարանի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խնդրի բարւոք լուծման համար։ «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մշտական կապի մէջ է Պատրիարքին հետ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարելի աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Պատրիարքարանին այս գործընթացին մէջ։ Ներկայիս նպատակայարմար չենք համարեր այլ մանրամասնութիւններու հրապարակումը», նշուած է հաղորդումներուն մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը «Կովերու պարտէզ»ի գործարքի պարագային հիմնական պատասխանատու կը նկատէ՝ արդէն կարգալոյծ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանը, որու եպիսկոպոսացումը քանի մը տարի առաջ մերժուած էր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/17-05-2023-համազգային-շահեր?fbclid=IwAR01SHRWSlZXEC66Bdc230UHDdPv2pQiR6bGzooKBG1hmq9yBnfGY1_zWd0

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın