İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 175ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի 175ամեակի նորատիպ յուշամատեանը, աշխատասիրուած՝ Հերմինէ Պէնլիօղլուի քրտնաջան աշխատութեամբ, 6 Մայիս 2023, Շաբաթ երեկոյ, վարժարանի սրահին մէջ հանդիսութեամբ մը ծանօթացուեցաւ հասարակութեան։

Հանդիսութեան նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Հանդիսութեան խօսնակ՝ Նայիրի Խաչիկօղլուի արտասանած բացման խօսքէ ետք ելոյթ ունեցաւ Բ., Գ. եւ Դ. դասարանի սաներու երգչախումբը, վարժարանի նախկին տնօրէնուհիներէն Հերմինէ Պէնլիօղլու, տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, տեսասփռուեցաւ արտասահմանէ Արթօ Օգշայեանի, Յակոբ Ծերունեանի, Վրամշապուհ Ծերունեանի եւ Արամ Կոստանեանի սրտի խօսքերը, դաշնակով ելոյթ ունեցաւ Աւետիս Էօզտէմիր, սաներ բանաստեղծութիւններ արտասանութիւններ կատարեցին։ Երգով մասնակցեցան Թաթիանա Պոսթան եւ դաշնակով՝ Արի Պարութօղլու, իսկ վարժարանի պարախումբը՝ Նարօտ Կիւլէչի մականին տակ իրենց պարերով։

Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Մարի Նալճըի ուղերձէն ետք, յանուն յուշամատեանի մեկենաս Տքթ. Նուրան Ագտէմիրի սրտի խօսք կարդաց Հերմինէ Չընար։

Կատարուեցաւ յուշանուէրներու բաշխում։

Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ստացած ըլլալով յուշամատեանի օրինակը իր տպաւորութիւնը բաժնեց ըսելով. «Երբ յուշամատեանը թղթատեցի պահ մը տխրեցայ, քանի զգացի ու տեսայ թէ ժամանակը որքան շուտ կ՚անցնի։ Այս վարժարանին մէջ աշակերտած երեկուան մանուկները, հասած էին հասուն տարիքի, դարձած՝ զաւակներու եւ թոռներու տէր։ Սակայն ուրախացայ, քանի այս կրթական հաստատութիւնը յուշամատեանի ընդմէջէն կը յայտարարէր, թէ հակառակ ամէն տեսակի նիւթական եւ բարոյական նեղութեանց եւ դժուարութեանց մնացած էր իր պատնէշին վրայ, հաւատարիմ՝ Յովհաննէս Պէյ Տատեանի աւանդին եւ առաջին օրէն ձեռնարկուած առաքելութեան վրայ եւ յաջողած՝ պատմութիւն կերտելով։ Ուրախ եմ որ վարժարանի վարիչները գովելի գաղափարը յղացած են յուշամատեան պատրաստելու եւ անմահացնելու այս կրթական յարկէն ներս արձանագրուած կարեւոր զարգացումները։ Այսօրուան վարիչներուն թելադրեց, որպէսզի իրենք ալ պատմութիւն կերտեն արձանագրելով եւ յետագային յուշամատեանի մը մէջ զանոնք անմահացնելով։

Աւարտին կատարուեցաւ պատուասիրութիւն եւ փափաքողներ ստացան նորատիպ հատորէն օրինակ մը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın