İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Մայիս 2023, Կիրակի, Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Խաչի Երեւման տօնի Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Կոմիտաս Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Հրաչ Օհանեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արթիւր Պաղտասարեանի։ Դասուն մէջ ներկայ էր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։

Ս. Պատարագի վերջաւորութեան քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ նախ այս եկեղեցւոյ պատմականին, ապա՝ Ս. Խաչի երեւման տօնի իմաստին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ Երեւման Ս. Խաչի տօնը կու գայ մեզ յիշեցնել թէ խաչը ինչ իմաստ ու կարեւորութիւն ունի մեզի համար։ Խաչը ունի բազմաթիւ խորհուրդներ։ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան նախօրեակին մեծագոյն ուրախացողը Բարաբբա անուն ոճրագործն էր։ Եւ այդ ոճրագործին փոխարէն խաչուեցաւ Քրիստոս։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ իւրաքանչիւրս բարաբբաներ ենք, որոնց փոխարէն խաչ բարձրացաւ Տէր Յիսուս Քրիստոս։

Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ Հայ արուեստի եւ յատկապէս խաչքարի արուեստի մասին, որ խաչը կը նկարեր առանց Քրիստոսի եւ ծաղկած։ Այսինքն Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ մահուան գործիք խաչը դարձաւ կեանքի ծառ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, նախ պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ քարոզչաց, հոգեւորականաց եւ սատարողաց հոգւոց ի հանգիստ, ապա մատաղի օրհնութիւն եւ հուսկ՝ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ (https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/779178996937400

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın