İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ ՆՈՒԻՐԵՑ ԻՐ ԳԻՐՔԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը. 4 Մայիս 2023, Հինգշաբթի, ընդունեց Լեռնա Գարագիւթիւքի այցը։

Համայնքային զանազան վարժարաններու ուսուցիչ Գարագիւթիւք, գրի առած է մանկական պատմուածքներ եւ բանաստեղծութիւններ։ Իր զանազան թուականներուն հրատարակութիւններէն նմոյշներ նուիրեց Նորին Ամենապատուութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատելով կրթական մշակի հայ մանուկի ու գրասէր հասարակութեան համար տարած ստեղծագործական աշխատանքն ու անոր կարեւորութիւնը, շնորհաւորեց հեղինակ Լեռնա Գարագիւթիւքն եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց իրեն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın