İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Ներքին Գործոց Նախարար Մեծայարգ Սիւլէյման Սօյլու 26 Ապրիլ 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ հիւրասիրուեցաւ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Մեծայարգ նախարարին կ՚ընկերանային Ստանպուլի Կուսակալ Ալի Երլիքայա, Ֆաթիհի Գաւառապետ՝ Ճաֆէր Սարըլը, Ֆաթիհի Քաղաքապետ՝ Մէհմէտ Էրկիւն Թուրան։

Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս, Աթէշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեանց ատենապետները, Աք Փարթի Կուսակցութեան Ստանպուլի Երեսփոխանական թեկնածու՝ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորեց Նախարար Սօյլուն եւ միասնաբար մուտք գործեցին Պատրիարքարանի Դահլիճը, ուր համախմբուած էին համայնքային եւ թաղային մարմիններու ատենապետները։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց մեծայարգ հիւրին եւ շնորհաւորեց Ռամազանի Տօնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ընդգծեց, թէ այս տարի Իսլամաց Ռամազանի եւ Քրիստոնէից Սուրբ Զատկի տօները կը տօնախմբուէին նոյն ժամանակահատուածին մէջ։ Սակայն այս տարի դժբախտաբար ցաւառիթ երկրաշարժը ստուերի տակ թողած էր տօնակատարութեանց ուրախութիւնը, քանի որ երկրաշարժի գործած աւերներուն բերմամբ ընտանիքներ կ՚ապրէին սուգի եւ ցաւի մթնալորտին մէջ։ Սակայն եւ այնպէս երկրի հայրենակիցները ունենալով մէկ ազգ ըլլալու գիտակցութիւնը, ձեռք ձեռքի տալով եւ օժանդակութեամբ ջանացած էին թեթեւցնել վիրաւոր սրտերու տառապանքը։ Յոյս յայտնեց, որ դրսեւորուած այս միասնականութեան ու միութեան ոգիին շնորհիւ պիտի յաղթահարուին նեղութիւններ եւ հայրենակիցներ իրենց բնագաւառներուն մէջ վերստին պիտի վերադառնան բնականոն կեանքի։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց, Սեծայարգ Նախարարին, որ իր աջակցութեամբ մեծապէս սատար հանդիսացած էր համայնաքային վարչութեանց ընտրութեանց կանոնաւոր հունի մէջ ընթանալու կապակցութեամբ։ Այս այցելութեան համար եւս յայտնեց իր երախտագիտութիւնը, ընդգծելով թէ փոքրամասնութեանց նկատմամբ դրական մերձեցում մը սկսած էր քսան տարի առաջ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կ՚այցելէին Պատրիարքարան եւ այս այցելութիւնները վստահութիւն կը ներշնչէին, թէ փոքրամասնութեանց հարցերը լսելու ականջներ կային։ Այս առումով անդրադարձաւ նաեւ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի որդեգրած ուղիին, որ ամէն առթիւ կը հետաքրքրուէր համայնքի հարցերուն հետ, անոնց լուծում որոնելու առաջադրութեամբ։ Այս առթիւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութեանց առթիւ Ստանպուլի թեկնածուներէն Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու դասուած է ընտրելութեան հաւանականութիւնը բարձր մակարդակի վրայ։ Դրուատեց համայնքէն ներս, նաեւ Աք Փարթի Կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի շարքերէն ներս ունեցած գործունէութիւնները ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն։

Ապա հանդէս եկաւ Նախարար Սօյլու եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ անձնապէս ներկայ գտնուած էր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Պետական Գերագոյն Զոհողութեան շքանշաններու յանձնման արարողութեան։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ համայնքի կողմէ կատարուած նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեանց համար, որ յիրաւի յայտնաբերումն էր համայնքի անդամներուն դրսեւորած միասնականութեան ոգիին։ Դարուս աղէտը նկատուած 6 Փետրուարի ահաւոր երկրաշարժի աւերման ենթարկուած ժողովուրդին համար թանկագին էր վայելել օժանդակելու պատրաստակամութեամբ փութացած թէ երկրի հայրենակիցներու եւ թէ օտար երկիրներու օժանդակ յանձնախումբերու ներկայութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի նորընտիր վարչութեանց ատենապետներուն, որոնք ներկայ գտնուած էին այս հանդիպումին։ Գոհունակութիւն յայտնեց, որ համայնքային ընտրութիւնները կատարուած էին խաղաղ մթնոլորտի մէջ եւ փոքրամասնական համայնքներ նոր կանոնագրութեան համաձայն առիթը ունեցած էին վերանորոգելու իրենց կազմերը։ Ներկաներուն հաղորդեց Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ողջոյնները եւ յաջողութեան մաղթանքները, թէ Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ թէ իր անձին մէջ համայնքի վարչայիններուն ու անդամներուն։ Յարգանքով յիշեց Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ Պատրիարք Հայրը, նաեւ Ստանպուլի Երեսփոխան Հոգելոյս Մարգար Էսաեանը։ Ուրախութիւն յայտնեց, որ Մարգար Էսաեան ունեցաւ իր գիծը շարունակելու թեկնածու մը, յանձին Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի։

Մեծայարգ Նախարարը փափաքեցաւ մի առ մի ծանօթանալ նորընտիր վարչութեանց ատենապետներուն հետ, որոնք իրենց անձերը եւ պաշտօնի կոչուած հաստատութիւնները ծանօթացուցին։ Շնորհակալութիւն յայտնեցին, թէ մեծայարգ նախարարի այս այցելութեան եւ թէ ընտրութեանց առթիւ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ իրենց արտայայտութեամբ անդրադարձան ընտրութեանց նախօրեակին Մեծայարգ Նախարարի ցուցաբերած մօտիկ հետաքրքրութեան համար, որով դիւրութեամբ լուծուած էին կնճռոտ հարցեր։ Նաեւ յայտնեցին, թէ կառավարութեան որդեգրած ուղիին շնորհիւ իրենց խնամքին յանձնուած հաստատութիւններ բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուէին եւ այսպէսով թէ իրենց հաստատութիւնները կը մատակարարէին եւ թէ կարիք ունեցող համայնքի այլ հաստատութեանց կ՚օժանդակէին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը որպէս յիշատակ այս այցելութեան մեծայարգ Նախարարին նուիրեց Պալեաններու ճարտարապետական վաստակը ներկայացնող գիրքէն օրինակ մը։ Իսկ Մեծայարգ Նախարարը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց ապակեայ զարդարուն ծաղկաման մը։

Նուէրներու փոխանակումէն եւ հաւաքական նկարահանումէն յետոյ Մեծայարգ Նախարարը հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն, շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın