İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՂԶԵԱՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Մարտ 2023, Չորեքշաբթի, ընդունեց Կղզեաց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Լեւոն Շատեանի։ Ընդունելութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ յայտնեցին նաեւ, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։

Անոնք յետ վաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Թաղական Խորհուրդին, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın