İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԵՒՈՆ ԳՈՒԶԻՔՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Մարտ 2023, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուն։

Գուզիքօղլու եկած էր Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու Գուրուչէշմէի Եկեղեցւոյ մասին կարգ մը նիւթեր ու ծրագիրներ, որոնց մասին խնդրեց մեր Հոգեւոր Պետին խորհուրդները։ Ան, Պատրիարք Հօր բացատրեց նաեւ թաղի եկեղեցւոյ մասին թաղային խորհուրդի ծրագիրները։

Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց Գուզիքօղլուի բացատրած նիւթերը, որոնց մասին տուաւ իր հայրական խորհուրդները։ Մեր Հոգեւոր Պետը օրհնեց Գուրուչէշմէի Թաղային Խորհուրդի եկեղեցանուէր աշխատանքներն ու ծրագիրները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın