İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԺ. Տ. ՊՕՂՈՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՊԱՐՈՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Մարտ 2023, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Արժ. Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեանը։

Տէր Հայրը, որ նախկին Պոլսահայ մըն է եւ ձեռնադրուած ու օծուած է Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ, երկար տարիներէ ի վեր կը քահանայագործէ Պրազիլիոյ հայոց թէմի մէջ։ Ան, տարեկան արձակուրդով քաղաքս կը գտնուէր եւ եկած էր ներկայանալու Նորին Ամենապատուութեան՝ ստանալու համար իր օրհնութիւնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը հայրական սիրով ընդունեց Տէր Հայրը, որուն հետ զրոյց ունեցաւ զանազան նիւթերու շուրջ։ Անոր մաղթեց բարի գալուստ եւ արձակուրդ քաղաքիս մէջ։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın