İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ»

Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջերս Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ ժողովներու, հրաժեշտ առնելէն վերջ կարգ մը մանրամասնութիւններ հրապարակած է սփիւռքահայ մամուլին մէջ։ Այսպէս, Աստուածաշունչի ընկերութիւններու Իսթանպուլի մասնակի ժողովները տեղի ունեցան Պէյօղլուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Քառօրեայ աշխատանքներուն մասնակցեցաւ աւելի քան քսան ժողովական։ Բացի հիւրընկալ Թուրքիայէն, քննարկումներուն մասնակցեցան ներկայացուցիչներ՝ Պաղեստինէն, Իսրայէլէն, Իսրայէլի արաբական շրջանէն, Անգլիայէն, Արաբական ծոցի երկիրներէն, Յորդանանէն, Ղազախիստանէն, Խրղըզիստանէն, Ալճերիայէն, Եգիպտոսէն եւ Իրանի սփիւռքէն։

Աստուածաշունչի ընկերութիւններու աշխարհատարած ցանցը այս շրջանին հետամուտ է աշխատանքային ծրագրի մը, որ կը կոչուի «Աստուածաշունչի յանձնառութիւն»։ Իսթանպուլի քննարկումներն ալ պատեհ առիթ դարձած են՝ այս նոր ծրագրին վրայ աշխատելու համար։ Նախագիծը արծարծուած է զանազան երեսակներով եւ զայն վերամշակելու, կատարելագործելու ճանապարհին ժողովականներուն միջեւ տեղի ունեցած են կարծիքի փոխանակումներ։ Մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերուած է ծրագրի ընդհանրական շեշտադրումներուն վրայ, որպէսզի իւրաքանչիւր երկիր կարենայ զայն յարմարցնել իր հաւաքականութիւններուն՝ լեզուի, մշակոյթի եւ պատմական առանձնայատկութիւններու հիման վրայ։

«Աստուածաշունչի յանձնառութիւն» ծրագրին նպատակն է քաջալերել հաւաքականութիւնները, որպէսզի կարդան Աստուածաշունչը, հասկնան, իրենց հասկցածը իմաստ ստանայ եւ նոյնքան նաեւ նշանակութիւն ու կիրառելի դառնայ իւրաքանչիւր անհատի կեանքէն ներս։ Այս առումով «Աստուածաշունչի յանձնառութիւն»ը ունի լեզուական, մշակութային, պատմաքաղաքական, նաեւ ընկերային ծալքեր եւ գործօններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն ընթերցողին վրայ, երբ որեւէ հատուած կը կարդայ Աստուածաշունչէն։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/11-03-2023-«աստուածաշունչի-յանձնառութիւն»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın