İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Ինչպէս ծանօթ է, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը առաջին իսկ օրէն փափաքած էր երկրաշարժի աղէտի պատահած վայրերը այցելել, սակայն որոշուած էր այդ այցելութիւնը յետաձգել։

Նորին Ամենապատուութիւնը, 10 Մարտ 2023, Ուրբաթ առաւօտ, կը մեկնի աղէտի գօտի, առընթերութեամբ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

Մեր Հոգեւոր Պետը օդային ճամբով կը մեկնի Ատանա, ուրկէ պիտի անցնի Հաթայ։ Պատրիարք Հայրը այս վայրերուն մէջ պիտի այցելէ մեր համայնքի անդամներն ու մեր եկեղեցիները, անձամբ պիտի ցաւակցի անոնց հետ։ Շաբաթ օր նաեւ պիտի հանդիպի Մերսին մէկտեղուելու քաղաքաբնակ մերազնէից հետ։

Նորին Ամենապատուութիւնը Ատանայի վրայով Աթոռ կը վերադառնայ շաբաթ երեկոյ։

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın