İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը այս շրջանին կարեւոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչէ՝ զօրակցելու համար երկրաշարժէն տուժած աղէտեալներուն։ Այսպէս, ակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է արագ ճատրակի մրցաշարք մը։ Այս նախագծին կը մասնակցի նաեւ «Umuda Hamleler» խմբաւորումը։ Մրցաշարքի ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի աղէտեալներու կարիքներու դիմագրաւման նպատակին։

Մինչ այդ, ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը կը շարունակէ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել՝ ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասընթացքներու մասնակից պատանի մարզիկներուն նկատմամբ։ Կը հաղորդուի, որ մասնագէտներու կողմէ դասընթացքներու մասնակիցներուն համար կը կատարուին զանազան քննութիւններ։ Այստեղ հետապնդուած հիմնական նպատակը այն է, որ թէ՛ դասընթացքներու մասնակիցները եւ թէ, անշուշտ, ակումբի բոլոր ճիւղերու խումբերուն մարզիկները կատարելագործուած վիճակի մը մէջ ըլլան։ Այդ քննութիւնները կը վերաբերին՝ մարզիկներու առողջութենէն սկսեալ, մինչեւ գիտակից սնման հանգամանքները։

Միւս կողմէ, Շիշլիի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Մարտի 8-ի Համաշխարհային կանանց օրը։ Այս առթիւ վարչութեան արական սեռի անդամները անակնկալներ պատրաստած էին իգական սեռէ անդամներուն համար։ Այս առթիւ բոլորը շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեցին Մարտի 8-ին կապակցութեամբ եւ Կանանց օրը նշելու զուգահեռ՝ ընդգծեցին թէ՛ հասարակութիւններու եւ թէ ընդհանրապէս մարդկային կեանքի մէջ կանանց առանցքային դերակատարութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/9-03-2023-շիշլի-մարզակումբը-մրցաշարք-մը-կը-կազմակերպէ-աղէտեալներուն-զօրակցելու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın