İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Մարտ 2023, Երեքշաբթի, ընդունեց Ստանպուլահայ խումբ մը լուսանկարիչներու այցը։ Ընդունելութեան ներկայ էր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Այցելուներ յայտնեցին, որ իրենք, որպէս Ստանպուլահայ լուսանկարիչներ, կազմած են խմբակ մը եւ զայն անուանած՝ Լուսատու։ Անոնք ցաւով արտայայտուեցան երկրաշարժի աղէտին մասին եւ Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին իրենց ծրագիրը, որ էր զանազան առիթներով այցելութեանց ընթացքին նկարած Վաքըֆգիւղի լուսանկարներէն ցուցահանդէս մը կազմել եւ ներկայացնել մեր համայնքին եւ հետաքրքրուող հասարակութեան։ Սոյն ցուցահանդէսի եկամուտը պիտի յատկացուի երկրաշարժէ վնասուած Վաքըֆգիւղի նորոգութեան նպատակին։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան ու ցաւակցութեան համար եւ ըսաւ թէ այս ցաւը բոլորիս ցաւն է։ Առիթը ցաւալի, սակայն աշխատանքը օրհնեալ է։ Այս առումով, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց կազմուած խմբակը եւ իրենց նպատակը ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın