İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 28 Յունուար 2023, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։

Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը եւ Արժ. Տ.Տ. Գրիգոր Տամատեան եւ Տրդատ Ուզունեան Աւագ Քահանաները։

Արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան։ Ներկայ էին Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Ս. Եպիսկոպոս, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ՝ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Արքեպս., Ասորի Կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ՝ Մոնս. Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոս։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Ղպտի եւ Եթովպական, Աւետարանական եկեղեցիներու եւ Ս. Գրոց Ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Աղօթքին հետեւեցան հայ ու օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Արարողութեան երգեցողութիւները կատարուեցան Ս. Յովհան Ոսկեբերան Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ։ Դպրաց Դասը երգեց «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Նայեաց սիրով» երգերը։

Արարողութիւնը սկսաւ արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Քոյր եկեղեցիներու անդամներ, իրենց լեզուներով Ս. Գրոց ընթերցումներ կատարեցին։ Սուրբ Աւետարանը ընթերցեց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Հայրը։

Օրուան պատգամը տուաւ Արհի. Տ. Լեւոն Ս. Արքեպիսկոպոս, մեկնելով Տարսոնի Եպիսկոպոս Ներսէս Լամբրոնացիի ճառէն առնուած հատուածէն ու շեշտեց եկեղեցիներու միութեան գաղափարի, մանաւանդ ի հաղորդութեան գտնուելու կարեւորութիւնը։ Մաղթեց, որ եկեղեցիներ հասնին այն երանելի օրուան, ուր համայն քրիստոնեաներ առանց այլեւայլի ազատօրէն պիտի մասնակցին Սուրբ Սեղանէն բաշխուած Սուրբ Հաղորդութեան։

Ընթերցուեցաւ նաեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքէն բաժիններ։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։ արձակման աղօթքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

Յետ պաշտամունքին, Եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմը հոգեւորականներուն համար սիրոյ սեղան սարքեց, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց հուսկ բանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ մաղթեց որ ինչպէս տարբեր աւանդութեանց եւ դաւանութեանց պատկանող եկեղեցւոյ անդամներ այս սեղանին նման սիրոյ սեղաններու վրայ կը բաժնեն իրարու հացերը, այնպէս ալ Աստուած արժանացնէ Սուրբ Սեղաններու մասնակից ըլլալու հոգեւոր ուրախութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın