İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 30 Դեկտեմբեր 2022, Ուրբաթ, ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նորընտիր Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդնորդութեամբ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։

Ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, որ ընտրութենէն ետք շուտով ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։

Ներկաներ յետ վաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Թաղային Խորհուրդին, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın