İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դասու վարիչները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի։

Այցելուները եկած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգին։ Անոնք յայտնեցին, թէ աւանդական դարձած 3 Յունուարի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգը այս տարի եւս կը փափաքին իրականացնել, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։ Այս առթիւ խնդրեցին որ մեր Հոգեւոր Պետը նախագահէ սոյն հանդէսին, ի շինութիւն մեր Եկեղեցւոյ եւ ի վայելումն ժողովրդեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Սահակեան Դպրաց Դասու վարիչներուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց նման ձեռնարկի մը կազմակերպութեան համար։ Պատրիարքը Հայրը յայտնեց, որ սիրով պիտի նախագահէ սոյն հանդիսութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın