İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԺԱՄԱԴՐՈՒԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Հաճոյքով կը տեղեկանանք թէ մեր սիրելի երգչուհի Սիպիլ, որ յաջողութիւններով առանձնայատուկ տեղ մը ունի հայ ժողովուրդի սրտին մէջ, յառաջիկայ ամիս, Իսթանպուլի մէջ պիտի ժամադրուի մշակութասէրներուն հետ։ Համերգը բարեգործական նպատակներու պիտի ծառայէ եւ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Գալֆաեան վարժարաններու կարիքներուն։

Հետաքրքրական յայտագիր մը պատրաստուած է։ Սիպիլին ընկերացող »Առագաստ« նուագախումբը պիտի վարէ Վարդանանց երգչախումբի ղեկավար Սիպիլ Արսէնեան։ Երգչուհիին հետ բեմը պիտի բաժնեն նաեւ Հրանդ Տինք հայաստանեան դպրոցի աշակերտական երգչախումբի սաները՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ 

Համերգի ժամադրավայրը՝ Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ հանդիսասրահն է։ Յայտագրին մէջ ընդգրկուած են Սիպիլի մեծ ժողովրդականութիւն վայելող այնպիսի երգեր, ինչպիսին են »Երկիրն իմ թեւերն է«, »Նամակ«, »Մեր լեզուն«, նաեւ այնպիսի երգեր, որոնք այդ գիշեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի մեկնաբանուին հանդիսականներուն համար։

18 Յունուարի համերգի ընթացքին Սիպիլին հետ միասին հիւրաբար պիտի երգեն նաեւ Անտրէ Սիմոնեան, որ ռոք երաժշտութեան աշխարհէն ներս սիրուած արուեստագէտ է, նաեւ Այշէնուր Քոլիվար որու հետ միասին քանի մը ամիս առաջ Սիպիլ հրապարակած էր »Լոյսի հատիկ« զուգերգը։

Տոմսակները կարելի է ապահովել Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Գալֆաեան վարժարանի քարտուղարութենէն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Սիպիլին ու համերգի միւս բոլոր մասնակիցներուն։

https://www.normarmara.com/arsiv2022-2/231222lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın