İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան վրայ։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը եւ արդիւնքին Մինաս Մեծատուրի կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդը, որ նախընտրած էր առանձին ընտրական մարմնով մը կազմակերպել քուէարկութիւնը, ի շարունակութիւն՝ այդ մարմնին ալ կարգադրութիւններով մեր ժողովուրդին իսկապէս մեծ ձանձրոյթ ու տանջանք պատճառեց։ Քուէատուփերը զետեղուած էին միայն Պիւյիւքտէրէի, Ռումելիհիսարի եւ Գուրուչէշմէի եկեղեցիներու համալիրներէն ներս։ Թէեւ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանի ամբողջ մարդուժը առաւել չափով կուտակուած է Ֆէրիգիւղի եւ Սամաթիոյ մէջ, սակայն ի զարմանս ամբողջ համայնքին այդ կէտերուն վրայ քուէատուփեր չգործեցին։ Ընտրողները՝ Կապոյտ ցուցակին կողմէ ապահովուած մասնաւոր փոխադրամիջոցներով առաջնորդուեցան դէպի մեր այն եկեղեցիները, ուր զետեղուած էին քուէատուփեր։ Այս բոլորով հանդերձ, Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը բովանդակեց իսկապէս պատմական, չափազանց կարեւոր նշանակութիւն մը։ Այսպէս, համայնքը ամուր կամք եւ վճռակամութիւն արտայայտեց, որպէսզի Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի ղեկավարութեան պարագային այլեւս միանգամընդմիշտ շրջուի՝ գայթակղութիւններու էջը։

Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար կազմակերպուած քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1505 հոգի։ 15 ձայն համարուեցաւ անվաւեր։ Մնացեալ 1490 քուէին 1352-ն մեր ժողովուրդին կողմէ կեդրոնացուեցաւ Կապոյտ ցուցակին վրայ։ Գործող թաղային խորհուրդին ի շարունակութիւն առաջադրուած Մանիշակագոյն ցուցակը ստացաւ 138 ձայն։ Այսպէսով համայնքը Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը վստահեցաւ Մինաս Մեծատուրին եւ իր ընկերներուն։ Ընտրութեան օրը Մինաս Մեծատուր եւ գործող թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէ իրարու յաջողութիւն մաղթեցին՝ մինչ օրուան սկիզբին ընտրական մարմնին կողմէ համայնքային մամուլի աշխատանքին դէմ դրուած արգելքներն ալ, ըստ էութեան, մեղմացուեցան։

Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին յառաջիկայ շրջանին մաս պիտի կազմեն հետեւեալները.

Մինաս Մանուկ Մեծատուր, Մելիք Ռուբէն Մըխճեան, Սեդա Պէշիկթաշլեան, Մարի Գույումճու, Գարոլին Գորեան-Սարիս, Լինտա Աքչէլեան, Լենա Ենիեորկան, Իսքէնտէր Օսանչլըօլ, Յակոբ Հերման Նշանեան, Սարգիս Եըլտըրըմ եւ Արթուն Թոքատլըօղլու։

http://www.jamanak.com/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/19-12-2022-%D6%83%D5%A1%D5%B5%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%B6-%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A1%D5%B3%D5%B8%D6%82%D5%B4

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın