İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի հիմնադրութեան 44րդ տարեդարձը նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ 4 Դեկտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպս. Մարտիրոսեան, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեան եւ Արժ. Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան։ Բաց աստի ներկայ էին Մայր Տաճարի վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Ատենապետ Սարօ Մարուքեանի գլխաւորութեամբ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու վարիչներ։ Արարողութիւնը առիթ ստեղծեց նաեւ, որպէսզի թեմի հիմնադրութեան 95 ամեակի առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքը եւ շնորհաւորանքը փոխանցուի։

Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները Կոմիտասեան երգեցողութեամբ կատարուեցան Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Դպրապետ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասու անդամները։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ ներկայացուց պատարագիչ Հայր Սուրբը։ Ըստ Նորին Սրբազնութեան ուրախութիւն էր տեսնել, թէ՝ եկեղեցական անդաստանէ ներս կը գործէին երիտասարդ ու խոստմնալից հոգեւորականներ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակելու կոչումը կը զգան իրենց հոգիներուն մէջ։ Սրբազան Հայրը յայտնեց որ կը հետեւի Հայր Սուրբի եկեղեցաշէն գործունէութեան եւ այս առթիւ, մաղթեց նաեւ որ իր նման եկեղեցականներով հարստանայ մեր եկեղեցին։ Այս առթիւ բարեմաղթութիւններ ու օրհնութիւններ փոխանցեց իրեն։

Սրբազան Հայրը, այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Պոլսոյ եկեղեցական կեանքին եւ Պատրիարքական Աթոռոյ առաքելութեան։ Տարբեր առիթներով Պոլիս քաղաք այցելած Սրբազան Հայրը, քանիցս տեսած էր տեղւոյն հաւատացելոց կեցուածքը առ եկեղեցի։ Պոլիսը ունեցած էր նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ որոշիչ դերակատարութիւն։ Այնտեղ պատրաստուած են այնպիսի տաղանդաշատ եկեղեցականներ, որոնց անունը ոսկեայ տարերով արձանագրուած են եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Այս շարքին կը յիշատակուին Պոլսոյ երանաշնորհ Պատրիարքները՝ Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեան, Շնորհք Արքեպս. Գալուստեանը, որոնք որպէս Արեւմտեան Թեմի առաջնորդութեան պաշտօնը ստանձնած են։ Իսկ Հայր Սուրբի ներկայութիւնը, առիթ էր որ փոխանցուէր Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հօր ողջոյնները։

Յաջորդաբար Հայր Սուրբը, սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ ու ներկայացուց, թէ՝ որքան պատեհ առիթները կը միանային օրուայ խորհուրդին։ Թէ՛ Թեմի հիմնադրութեան 95 ամեակը, թէ՛ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու տօնակատարութիւնը եւ թէ՛ Սրբազան Հօր տարեդարձը։ Այս բոլորին մէջ Պոլիս քաղաքէն օրհնութիւններ փոխանցեց եւ յատկապէս յիշատակեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքը։ Պատգամէն բաժին մը ընթերցելով, յայտնեց, թէ՝ Արեւմտեան Թեմը տարիներ շարունակ մեծ առաքելութիւն տարած էր եւ գաւազանագիրքին մէջ կը յիշատակուէին Պոլսոյ երանաշնորհ երկու գահակալները։ Իսկ, Թեմը ներկայիս եւս բարձր պատնեշի վրայ էր, շնորհիւ այժմու առաջնորդ՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսին։ Պատրիարքական Աթոռը, կը միանար այս հոգեւոր ուրախութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցելով թեմի բոլոր կառոյցներուն։ Հայր Սուրբը, ինք եւս դրուատեց Առաջնորդ Սրբազանի գործունէութիւնը եւ յայտնեց, որ իր առաքելութիւնը շրջանցելով Լոս Անճելոսը հասած է մինչեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։

Հայր Սուրբը քարոզեց նաեւ «Երանելի սուրբ առաքեալք, սպասաւորք եւ բարեկամք եւ վկայք Աստուածորդւոյն» բնաբանով եւ յայտնեց, որ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքելոց Տօնին ընծայուած շաբաթավերջի մը մէջ կը գտնուէին։ Երկու առաքեալներուն Հայոց մօտ ունեցած քարոզչական առաքելութեան անդրադառնալով, յիշեցուց, թէ՝ առաքեալներ Յիսուս Քրիստոսի թէ՛ սպասաւորները, թէ՛ բարեկամները եւ թէ՛ վկաներն էին։ Այս առումով, յիշեցուց որ առաքելական հաւատք ունենալ կը նշանակէ, նախ եւ առաջ իրենց փոխանցուած հաւատքին հետեւիլ։ Սակայն նաեւ առաքելական կը նշանակէ առաքելութեան նուիրուիլ եւ սպասաւորներ ու վկաներ ըլլալ Քրիստոսի։ Առաքելութեան վրայ հիմնաւորուած Արեւմտեան Թեմը 95 տարիներու շարունակութեամբ յաջողած էր եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ համախմբել հաւատացեալները եւ այս ուղղութեամբ քանի քանի առաքելութիւններ եւ աշխատութիւններ իրականացած էին։ Այս մէկը օրինակ ներկայացնելով յայտնեց որ պէտք է կեդրոնանալ մեր առաքելութեան վրայ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ անդամներ եւ ծառայել մեր եկեղեցւոյ հզօրացման։

Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն, որով յիշատակուեցան Գարեգին Ա., Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու վախճանեալ հիմնադիրներն ու անդամները։

Ս. Պատարագէ յետոյ, Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Հայր Սուրբը, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու անդամներու հետ։ Այստեղ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու մասին, յիշեցնելով նաեւ թէ երգչախումբը կը կսէր Արեմտեան Թեմի առաջին Առաջնորդ Գարեգին Ա. Պատրիարքի անունը։ Այս առումով, ըսսաւ որ 95 ամեայ Թեմին մէջ 44 տարիներ ծառայած էր այս երգչախումբը, բան մը որ միշտ գնահատանքով կը յիշատակուէր։ Շնորհաւորեց Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի որպէս ղեկավար ծառայութիւնը եւ բոլոր անդամներուն մաղթեց ամենայն բարիք։ Այս առթիւ ողջունեց նաեւ Յարութիւն Վարդապետի ներկայութիւնը եւ յայտնեց, որ Պոլսեցի երիտասարդ հոգեւորականին ներկայութիւնը յատուկ ընծայ մը պէտք է ընկալուէր Խաչատուրեան Երգչախումբին համար։

Յարութիւն Վարդապետ եւս սրտի խօսք մը արտասանեց ու սոյն արարողութիւնը իմաստալից էր, քանի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ առաջին անգամ կը գտնուէր եւ այս միոյն իր երգեցողութեամբ կը միանար Խաչատուրեան Երգախումբը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր հրաւէրին համար եւ յայտնեց որ, որպէս կրստեր եկեղեցական ինք եւս միշտ ներշնչուած էր Յովնան Արքեպիսկոպոսի եկեղեցաշէն գործունէութենէն ու ծառայասէր տիպարէն։ Իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Պոլիսի ներկայութեան ու յիշեցուց, որ Խաչատուրեան Երգչախումբը թէեւ Պոլիսէ հեռու ԱՄՆ-ի մէջ հիմնուած է, սակայն իր յաջողութիւնները ուրախութիւն պատճառած է Պոլսոյ Պատրիարքութենէ ներս։ Այս առումով յիշեցուց, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ, նման իր նախորդներուն ի մտի ունի Խաչատուրեան Երգչախումբը ու կը մաղթէ ամենայն բարիք բոլոր անդամներուն։Յանուն երգչախումբի անդամներուն արտայայտուեցաւ վարչութեան անդամներէն Բրշ. Յակոբ Սրկ. Ծերունեան եւ յայտնեց որ երկար տարիներէ ի վեր եկեղեցիին մէջն է, սակայն շեշտեց որ Յովնան Սրբազանի անմիջական հովանաւորութիւնը միշտ զգալի եղած է իրենց մօտ։ Ինք եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Ստեփան Սարկաւագին եւ բոլոր անդամներուն, որոնք Խաչատուրեան Երգչախումբի ճամբով կը շարունակեն իրենց ծառայութեան։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın