İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊՈՅՏ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Դեկտեմբեր 2022, Ուրբաթ, ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան կապոյտ ցանկի թեկնածուները։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան թելադրանքներուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın