İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Դեկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին ընդունեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ եկեղեցասէր տիկնանց կազմի անդամները, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի առաջնորդութեամբ։

Այցելուները խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 18 Դեկտեմբեր, Կիրակի առաւօտ։

Անոնք տեղեկութիւն տուին իրենց գործունէութեանց ու ապագայի ծրագիրներու մասին։

Պատրիարք Հայրը նախ շնորհաւորեց եկեղեցասէր նուիրեալ տիկինները, որոնք իրենց կարելին կ’ընեն գողտրիկ աղօթատան պայծառութեան համար եւ իրենց նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը խոստացաւ սիրով ընդառաջել հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın