İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԱՆԴՐԷԱՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն Ս. Անդրէաս, Յոյն Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ ծանօթ է որպէս պատմական Կ.Պոլսոյ Աթոռոյ պաշտպան սուրբը։ Նոյն առթիւ ամէն տարի կը կատարուին մեծ հանդիսութիւններ։

Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը 30 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, Ֆէնէրի Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, առընթերակայութեամբ բազմաթիւ մետրոպոլիտներու։

Նոյն առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, յանուն Հռոմի Քահանայապետ Ն.Ս.Տ.Տ. Ֆրանչիսկոս Ս. Պապի, արարողութեանց մասնակցելու համար քաղաքս ժամանած էր պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Պապական Արեւելեան Եկեղեցիներու պատասխանատու Մոնս. Լէոնարտօ Սանտրի Կարտինալի։

Ս. Անդրէասի տօնի հանդիսաւոր ս. Պատարագին յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Ի ժամ Ս. Պատարագի, հանդիսադիր Պատրիարք Հայրը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց սարկաւագ մը, վերանուանելով զայն Հ. Բարթոլոմէոս։

Արարողութեան աւարտին, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան, Նորին Սրբութեան անձին մէջ շնորհաւորեցին Աթոռոյ տարեդարձը եւ հաղորդեցին մեր Հոգեւոր Պետին արեւշատութեան մաղթանքներն ու եղբայրական ողջոյնները։ Բարթոլոմէոս Պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնեց արարողութեանց մասնակցութեան եւ Նորին ամենապատուութեան յղած բարեմաղթանքներուն համար։

Ս. Պատարագէ ետք Նորին Սրբութիւնը Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց հիւրերու շնորհաւորութիւնները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın