İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Շահնար Պոշնաք, Սելին Գույումճեան եւ Օշին Փոլատ։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին իրենց տեսլականին եւ մտադրութիւններուն շուրջ։ Ընտրութիւններուն համար լաւ պատրաստուած, գաղափարական հիմք եւ սկզբունքներու շուրջ համախոհութիւն ձեւաւորած կազմ մըն է Կապոյտ ցուցակը։ Իրենց բացատրութիւններու սկիզբին հիւրերը նշեցին, որ երախտագիտութեամբ կը վերաբերին այժմու թաղային խորհուրդին նկատմամբ, համոզուած են, որ տուեալ ժամանակաշրջանի պայմաններով այդ կազմը ըրած է իր կարելին, սակայն ներկայիս արդէն անհրաժեշտ դարձած է հերթի փոփոխութիւն մը։

Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչները իրենց գործունէութիւնը կը պատկերացնեն հիմնական քանի մը առաջնահերթութիւնով։ Անոնք առաջնահերթ կը նկատեն բոլոր հիսարցիներու վերստին համախմբումը։ Արդարեւ, անցեալ շրջանին, դժբախտաբար, բնիկ հիսարցիները ենթարկուած են խորթ զաւակի վերաբերմունքի, ինչ որ ցաւալի դառնութիւններու պատճառ եղած է։ Այսօր պէտք է այդ բոլորը յաղթահարուին եւ Կապոյտ ցանկը այդ ուղղութեամբ ունի յաւակնութիւններ, որովհետեւ բոլոր անդամները թաղեցիներ են կամ թաղեցիներու շառաւիղներ՝ այսինքն մարդիկ, որոնք ի սրտէ կապ կը զգան Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ հետ։

Կապոյտ ցուցակը անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ Ռումելիհիսարի պատմական գերեզմանատան պատշաճ ձեւով բարեկարգուիլն ու խնամքը։ Արդարեւ, գերեզմանատունը ներկայիս գործնականօրէն կ՚օգտագործուի որպէս գոմ, ինչ որ շատ վիրաւորական ու գայթակղեցուցիչ է։ Եկեղեցւոյ շէնքի եւ անմիջական շրջափակի բարեկարգումն ալ այս ցուցակի վրայ է։ Երբեմնի Թադէոսեան վարժարանի շէնքը, որ եկեղեցւոյ յարակից է, նոյնպէս պէտք է նոր հայեացքով մը արժեւորուի։ Ռումելիհիսարի թաղային խորհուրդը կը տնօրինէ եկեղեցապատկան քանի մը շէնքեր։ Անոնցմէ մին դատարկ է ու պէտք է վերանորոգուի, որպէսզի դառնայ հասութաբեր։ Միւս եկեղեցապատկան շէնքերուն մէջ շատ համեստ ընտանիքներ կը բնակին, ուստի Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները կը ծրագրեն եզրեր, որպէսզի առանց այդ մարդոց վնաս հասցնելու կամ ցնցում պատճառելու արժեւորեն կացութիւնը։

Ի լրումն այս բոլորին, Կապոյտ ցուցակը Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր բոլոր եկեղեցիները ամբողջութեան մը մէջ ընկալելու կամ պատկերացնելու հակումը ունի։ Վոոփորի Եւրոպական ափի բոլոր եկեղեցիները առանձին ծրագիրներ իրականացնելու համար չունին բաւարար մարդուժ։ Բայց եւ այնպէս, եթէ անոնք համախմբուին եւ կարողանան համատեղ ծրագրեր մշակել ու անոնք հերթով կեանքի կոչել, ապա համընդհանուր կենսունակութեան մը առիթ կրնան դառնալ։ Այս հանգամանքը ի զօրու է մասնաւորապէս նոր սերունդը եւ համայնքէն որոշ չափով հեռու մնացած ընտանիքներու զաւակները ներգրաւելու առումով։

Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչները մեզի յայտնեցին, որ Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ պարագային խնդրոյ առարկայ չեն մեծ հարստութիւններ եւ այս հանգամանքին լոյսին տակ հերքեցին այն բոլոր վերագրումները, որոնք իրենց հասցէին կը կատարուին նախընտրական գործընթացի պայմաններուն ներքեւ։ Անոնք դիտել տուին, որ չեն փափաքիր բանավէճերու մէջ մխրճուիլ, սակայն, կ՚ուզեն ամբողջ համայնքի նկատառման յանձնել, որ իրենք անկեղծ մղումով ու եռանդով կը ձգտին ստանձնել թաղային խորհուրդին ղեկը, որպէսզի նոր սկիզբ մը ապահովեն պատմական Ռումելիհիսարին համար։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/30-11-2022-ռումելիհիսարի-եկեղեցւոյ-թաղային-խորհուրդի-թեկնածու-կապոյտ-ցուցակի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın