İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԻՍՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻՆ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 27 Նոյեմբեր 2022, Կիրակի, նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ Յիսնակի առաջին կիրակիի Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արամ Սրկ. Պարոնեան, կիսասարկաւագ եւ դպիրներ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, քարոզեց Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ Պօղոս Առաքեալի Կողոսացիներուն ուղղած նամակին այն մասը, ուր Առաքեալը կը պատուիրէ թէ ինչ որ ընենք՝ Աստուծոյ համար ընենք։ Եւ ինչ որ պիտի ընենք, Աստուծմէ պէտք է սորվինք եւ իմաստուն պէտք է ըլլանք։ Մեր Հոգեւոր Պետը օրինակ բերաւ Սողոմոն թագաւորը, որ երիտասարդ տարիքին թագաւորելու դժուարացաւ։ Այն ատեն երիտասարդ թագաւորը Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրեց։ Մենք ալ իմաստութիւն պէտք է խնդրենք Աստուծմէ։ Այդ իմաստութիւնը կարելի է քաղել միայն Աստուածաշունչէն։

Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ արարչագործութենէն ետք Աստուած մարդուն տուաւ խնամել դրախտը եւ ան չըրաւ։ Մարդ պէտք է շինիչ գործունէութիւն ունենայ, պէտք է աշխատի։ Յատկապէս մարդուն միտքը պէտք է աշխատի։ Հակառակ պարագային սատանան կը սկսի աշխատիլ։ Եթէ մեղք չի պարունակէր, ամէն գործ բարի է։

Եւ ինչ որ կ’ընենք, լաւագոյնս պէտք է ընենք։ Այս կը սորվեցնէ Աստուածաշունչը։ Քու կեանքիդ կեդրոնը պէտք է ունենաս Աստուած։

Եթէ աշխատանք մը կայ եւ զԱստուած իր մէջ չի պարունակէր, սխալ է։ Այդպիսին էր Բաբելոնի աշտարակաշինութիւնը, որ այսօրուան քաղաքակրթութեան ու թէքնօլօժիին խորհրդանիշն է։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ. «Մեր գործերուն համար պէտք է հարցնենք. Այս գործը Աստուծոյ կամքին համաձա՞յն է։ Նպատակը Աստուծոյ բարի նպատակին ծառայելն է։ Մարդոց երջանկութեան, անոնց Աստուծոյ մերձեցման կը ծառայէ՞։ Մեր գործերը այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլայ»։

Մարդոց հետ մեր յարաբերութեանց մէջ ալ պէտք է իր տեղը ունենայ Աստուած։

Մեր գործերը մեզ կը հասունցնեն եւ աշխարհը կը գեղեցկացնեն։ Մեր գործերով զԱստուած պէտք է փառաւորենք։

*

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/1301968700564347

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın