İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Նոյեմբեր 2022, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները։ Ընդունելութեան մասնակցեցաւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հաւաքի մասնակից տնօրէններու ներկայութիւնը։ Շնորհաւորեց տնօրէնութեան պաշտօնին նոր ձեռնակողները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

Հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնուեցաւ մեր վարժարաններու ուսուցիչները յուզող տնտեսական պայմանները, քանի որ այս պայմաններու բերմամբ վարժարաններու մէջ ուսուցչագործելու տրամադիր կրթական մշակներ գտնել եւ գտնուածները պաշտօնի վրայ պահելը հետզհետէ կը դժուարանար։

Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ տրամադիր էր այդ ուղղութեամբ օգտակար հանդիսանալ այս կարեւոր հարցը լուրջ նկատառման յանձնել վարչայիններու։

Նորին Ամենապատուութեան հայրական մերձեցումը ընկալուեցաւ շնորհակալութեամբ։ Հաւաքոյթի աւարտին Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց տնօրէններուն։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın