İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 17 Նոյեմբեր 2022, Հինգշաբթի առաւօտ, ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը։ Այս այցելութիւնը առիթ ընծայած էր խումբին նոր մասնակցող անդամները ճանչնալու, քանի Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցին եղաւ այն շրջանը, որ այս ընտրութեան կը մասնակցին այժմու թաղային խորհուրդի անդամները, նոր անդամներու մասնակցութեամբ։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուց իրենք զիրենք։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın