İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖՈՔՈԼԱՐԷ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 11 Նոյեմբեր 2022, Ուրբաթ, ժամը 12.00-ին ընդունեց Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ ենթակայ Ֆոքոլարէ Շարժման անդամուհիները։
Սոյն խումբի անդամուհիներէն Տանիէլա Տեկասփերի յայտնեց, թէ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուէր, եւ այս առումով եկած էր հրաժեշտ առնել Նորին Ամենապատուութենէն։
Ամեն.Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց իր հոգեւոր ծառայութիւնը եւ հայրական օրհնութիւնը տուաւ, նաեւ նուիրեց փայտեայ խաչ մը, որպէս յիշատակ այս այցելութեան։
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın