İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱԼԱԹՈՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊՈՅՏ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 11 Նոյեմբեր 2022, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին ընդունեց Պալաթու Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան կապոյտ ցանկի թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Յակոբ Տուրսունի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։

Յակոբ Տուրսուն շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուց իր խումբի անդամները։ Յետ ծանօթացման փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան թելադրանքներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անոր համար որ, հակառակ տիրող անտարբերութեան անձեր ազնուութիւնը ունեցած էին նուիրուելու եկեղեցւոյ վարչութեան, բան մը որ գնահատելի զոհողութիւն մըն էր։ Յիշեցուց, թէ Պալաթու Եկեղեցին մեր կարեւոր աղօթատեղիներէն է եւ ժողովուրդը կը փութայ Չարխափան Սուրբ Աստուածածնի խորանին առջեւ իր ուխտի աղօթքը կատարելու։ Նաեւ դիտել տուաւ, որ եկեղեցին ունի կարեւոր կալուածներ, որոնք օրուան պայմաններուն համաձայն կարելի էր աւելի արդիւնաւետ դարձնել։ Անդրադարձաւ որ եկեղեցիէն ներս սկսած է հիմնական վերանորոգութեան աշխատանք, Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետարանի ներդրումով, ուստի այժմու թաղային խորհուրդի սկսած գործը որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի իրենք ընտրուելու պարագային պարտէին նոյն երկխօսութիւնը պահել քաղաքապետարանի հետ։

Ներկաներ խոստացան, որ ընտրուելու պարագային եկեղեցւոյ վարչութիւնը պիտի ստանձնէին կատարուած փոխանցումէն յետոյ եւ այդ փոխանցումը պիտի կատարէին պատրաստելով ելեւմտական հաշուեցոյց մը։ Նաեւ խոստացան որ իրենց նիւթական գործառնութիւնները, ելեւմտական հաշիւները պիտի ըլլային թափանցիկ ու տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէին Պատրիարքական Աթոռին եւ համայնքին։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın