İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԴԵՂԻՆ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 11 Նոյեմբեր 2022, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին ընդունեց Նառլըգաբուի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան դեղին ցանկի թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Հերման Կիւրճիեանի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։
Հերման Քավաֆեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուց իր խումբի անդամները։ Յետ ծանօթացման փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան թելադրանքներուն։
Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ Նառլըգաբուի Եկեղեցին մեր գողտրիկ աղօթատեղիներէն է եւ օժտուած սրահով։ Այս եկեղեցւոյ սրահը կարելի է օգտագործել համայնքի ծառայութեան յատկացնելու, յատկապէս կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագներու մատուցումէն յետոյ ներկայ հաւատացեալները ի մի համախմբելու համար։ Իր հայրական թելադրութեան մէջ ըրաւ նաեւ ազդարարութիւն մը, ըստ որում կը զգուշացնէր որպէսզի յատուկ ուշադրութիւն դարցնեն սրահը ի ժամ Սուրբ Պատարագի այլ նպատակներու չյատկացնելու համար։ Շեշտեց, որ կարեւոր էր եկեղեցւոյ վարչական անդամներու, նաեւ յարակից մարմիններու մէջ աշխատողներու մասնակցութիւնը Սուրբ Պատարագին, բան մը որ լաւ օրինակ կը հանդիսանար յաչս թաղեցի եւ ուշտաւոր ժողովուրդին։ Նաեւ ընդգծեց իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած եկեղեցւոյ առընթեր նաեւ համայնքային ու թաղային այլ վարչութեանց ունեցած հարցերով հետաքրքրուելու կարեւորութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ թելադրեց զօրացնել եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, դպրաց դասը քանի որ Նառլըգաբու թաղը անցեալին ունեցած է այս ուղղութեամբ հարուստ աւանդութիւն մը։
Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ու խոստացան ժողովուրդի անցեալէն փոխանցած նուիրականութիւնները պահպանել եւ յաջորդ սերունդներուն յանձնել։ Եկեղեցւոյ եկամտաբեր կալուածները խոստացան օրուան պայմաններուն պատշաճ ձեւով օգտագործել եւ յատկացնել եկեղեցւոյ պայծառութեան։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın