İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 10 Նոյեմբեր 2022, Հինգաբթի, ժամը 19.30-ին նախագահեց ակադեմական դէմքերու մասնակցութեամբ կայացած հաւաքոյթին։

Ինչպէս ծանօթ է Նորին Ամենապատուութիւնը նախապէս երկու հանդիպումներ ունեցած էր համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող ակադեմական դէմքերու հետ։

Այս հանդիպումին գլխաւոր շարժառիթն էր Պատրիարքարանի Խորհրդակատարութեան Գրասենեակի արձանագրութեանց մէջ հաւաքուած տուուեալներու, այժմէական գիտական ու թէքնիք պայմաններու օգտագործմամբ ապահով ու անաղարտ պահպանման ուղղութեամբ գաղափարի փոխանակումներ ունենալ ։

Մասնակիցներ իրենց մասնագիտութեան սահմաններուն մէջ խոստացան իրենց կարելին ի գործ դնել, սոյն աշխատանքի յաջողութեան համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց խորհրդակցական մասնակցութեան համար եւ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın