İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓԱՐՈՍ ԱՄՍԱԹԵՐԹԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆ ՄԱՅՏԱ ՍԱՐԻՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 10 Նոյեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ժամը 12.00-ին ընդունեց Փարոս Շաբաթաթերթի Հրատարակութեան Տնօրէն Մայտա Սարիսը։

Ընդունելութեան ընթացքին Մայտա Սարիս Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց Փարոս Հրատարակչականի 12րդ տարեդարձին առթիւ լոյս ընծայուած ,Aziz Pavlos, DՖnya Uluşlarına GՓnderilen Elջiե (Սուրբ Պօղոս, Հեթանոսաց Առաքեալ) գիրքին օրինակը եւ հրաւիրեց 16 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի օր կատարելի շնորհանդէսին։

Գիրքին հեղինակն է Պիսիդիոյ Սոթիրիոս Թրամփաս Սրբազան Մետրոպոլիտը։ Գիրքին մէջ իրենց գրութիւններով հանդէս եկած են Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ.Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց գիրքի հրատարակութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրուած օրինակին համար եւ խոստացաւ ընդառաջել շնորհանդէսի հրաւէրին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın