İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԴԵՂԻՆ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 9 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 12.00-ինընդունեց Գուզկունճուքի եւ Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցիներու թաղային խորհուրդիընտրութեան դեղին ցանկի թեկնածուները, գլխաւորութեամբ՝ Տքթ. Արտաշ Աքտաղի։

Խումբի գլխաւոր անդամներէն Մասիս Գույումճու խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեցընդունելութեան համար եւ պարզեց, թէ խումբը ինչ նպատակաւ ներկայացած էր որպէս թեկնածու։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որթեկնածուներու հետ ծանօթանալու առիթ ընծայուած էր։ Հետաքրքրուեցաւ, խումբի ապագայիծրագիրներուն մասին եւ լսեց ներկաներու արտայայտած գաղափարները։ Տքթ. Արտաշ Աքտաղյայտնեց, թէ իրենք կը փափաքէին որ Վոսփորի Ասիական ափի եկեղեցիներու թաղայինխորհուրդներէն ներկայացուցիչներ ի մի համախմբուելով ունենան յաճախակի հանդիպումներ, տեղեկանան իրենց հարցերուն եւ կամ կարիքներուն ու միասնականութեամբ որոնեն լուծմանճանապարհները։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։

Ընդունելութեան աւարտին Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւթեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց իրենց ընտրական շրջանի գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın