İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԻՏԱԿ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 7 Նոյեմբեր 2022, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ինընդունեց Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան սպիտակ  ցանկի թեկնածուները, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի եւգլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։

Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ մի առ միներկայացուց թեկնածուները։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուներըճանչնալու։ Լսեց խումբի ապագայի ծրագիրներուն մասին տրուած բացատրութիւնները, որոնքհիմնաւորուած պիտի ըլլային թաղային խորհուրդի ձեռք բերած յաջողութիւններուն վրայ։ ՆորինԱմենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ, համայնքային զանազան հարցերու եւանոնց լուծման համար ծրագրուած աշխատանքներու մասին։ Ընդգծեց համայնքային կեանքէններս յաջողութիւններ արձանագրելու համար միասնականութեան եւ զօրակցութեանկարեւորութիւնը։ Յիշեցուց նաեւ վարժարանի զարգացման զուգահեռ եկեղեցիէն ներս ալզարգացումներ արձանագրելու կարեւորութիւնը։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւթեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց իրենց ընտրական շրջանի գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın