İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀԻ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԵՑԱՆ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՒԱ ՍԱՆԹԱԼՈՒԻ

Կեդրոնական վարժարանի շէնքի հրդեհի աստիճանները վերջերս վերանորոգուեցան՝ ի յիշատակ Եւա Սանթալուի։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ճարտարապետ Ժան Կավրիլոֆի կողմէ։ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց հանգուցեալ Եւա Սանթալուի ամուսինը՝ Գէորգ Սանթալուն, որդին՝ Վարդավառ Սանթալուն եւ եղբայրը՝ Հայկ Արսլանեանը։ Խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճեան եւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան յայտնի բարերարները հիւրընկալելով ծանօթացուցին անոնց նուիրատուութեամբ տարուած աշխատանքին արդիւնքը։ Կեդրոնականի ընտանիքին անունով անոնք յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնը։

Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սարքուեցաւ նաեւ այս առթիւ սիրոյ սեղան մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-11-2022-կեդրոնական-վարժարանի-մէջ-հրդեհի-աստիճանները-վերանորոգուեցան՝-ի?fbclid=IwAR3m3gfV3dA1l-7DichVDPNzNUeVtZ3DcDzmtX6Ia7hyI7sSJ2az5aAdElQ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın